2012-04-08 09:57:26

Հալէպահայութեան Ղեկավարները Միասնաբար Կը Քննեն Սուրիոյ Տագնապէն Բխած Հարցերը


Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Շահան եպս. Սարգիսեանի նախաձեռնութեամբ եւ Ազգային վարչութեան հրաւէրով, Երկուշաբթի, 26 Մարտին, Ազգային առաջնորդարանի դահլիճէն ներս գումարուեցաւ հայ երեք՝ առաքելական, կաթողիկէ եւ աւետարանական եկեղեցապետերու, հալէպահայ կազմակերպութիւններու, մշակութային, բարեսիրական, մարզական, երիտասարդական եւ հայրենակցական միութիւններու ներկայացուցիչներու խորհրդակցական ընդարձակ հանդիպումը:
Հայ երեք համայնքապետերու հովանաւորութեամբ գումարուած այս խորհրդակցական հանդիպման ընթացքին, առաջնային կարեւորութեամբ նիւթ դարձան սուրիական հայրենիքին վիճակուած տագնապալի այս օրերու իրավիճակին առնչուած հարցերը, քաղաքացիական պարտաւորութիւններու եւ յանձնառութիւններու առնչուած առաջնահերթութիւնները, որպէս սուրիական հայրենիքի ընկերային հիւսուածքի բաղադրիչ անբաժան մաս:
Այս հանդիպման մասին տեղեկագրող պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ գրուած է. «Խորհրդակցական այս հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ վերստին հաստատելու խաղաղ, օրինապահ, համակարգուած բարեփոխութիւններու ճամբով տագնապալի այս օրերը շրջանցելու սուրիահայութեան հաւատքը եւ համերաշխ, ներդաշնակ, միակամ գոյակցութեամբ երկրի ամբողջականութեան եւ զարգացման դրոյթներուն դրական ներկայութեամբ մասնակից դառնալու յանձնառութիւնը:
«Մասնակիցներու կողմէ կատարուեցան յառաջիկայ հանգրուանին համար նպատակային կազմակերպման առաջադրանքներ:
«Ազգային, հայրենական եւ քաղաքացիական եռեակ պարտաւորութիւններու ներդաշնակ կիրառումով սուրիական հայրենիքին առջեւ ծառացող տագնապի շրջանցումին համար հալէպահայութեան համայն ներկայացուցիչներու ցուցաբերած բծախնդրութիւնն ու շրջահայեացութիւնը եղան յուսադրիչ յենարան, առաւել պայծառ օրեր դիմաւորելու սուրիական հայրենիքի օրհնեալ հողին վրայ ու ասպնջական երկնակամարին տակ»:








All the contents on this site are copyrighted ©.