2012-04-07 11:06:57

Պենետիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետը 100 Հազար Տոլարի Նիւթական Օժանդակութիւն Կատարեց Սուրիոյ Եկեղեցիին Որպէս Օգնութիւն Զոհուած Բնակիչներուն ։


Գերապայծառ Ճիանբիեդրօ Տալ Թոզօ` քարտուղարը Վատիկանի ՝՝Մէկ Սիրտ՝՝ կոչուած Քահանայապետական Բարեսիրական Մարմնին, Սուրիա գացած է ու յանուն Սրբազան Քահանայապետին 100 հազար տոլար յանձնած է Սուրիոյ Եկեղեցիին որպէս օժանդակութիւն զոհուած բնակիչներուն ։ Մամլոյ հետ ունեցած ելոյթին Գերապայծառը իր տպաւորութիւնները յայտնած է ընդգծելով որ Սուրիոյ ներկայ ընդհարումը քաղաքական բնոյթ ունի եւ ոչ թէ կրօնական։ Բնականաբար եկեղեցին մօտէն կը հետեւի ցաւալի անցուդարձերուն քանի Եկեղեցին կը գտնուի ժողովուրդի սրտին մէջ, սակայն Եկեղեցւոյ պարտականութիւնը չէ միջամտել կամ խառնուիլ երկրի մը քաղաքական ներքին հարցերուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.