2012-04-07 11:06:34

Հռոմի Գոլոսսէումի Անփիթատրոնի մէջ Ճանապարհ Խաչի Արարողութիւնը


Ուրբաթ 6 ապրիլի երեկոյեան, Հռոմի Գոլոսսէում՝ երկհազարամեայ ամփիթատրոնի տարածքին վրայ կատարուած՝ ճանապարհ խաչի բարեպաշտական աղօթքի արարողութեան աւարտին, Նորին Սրբութիւնը հաւատացեալներուն ուղղած իր խօսքին մէջ, մատնանշելով՝ Յիսուսի կրած չարչարանքին որ բացաւ <<նոր երկինքի եւ նորոգուած երկրի>> դռները, մեզի ներշնչելով նոր կեանք ու նոր Յոյս, շեշտը դրաւ արարողութեան 14 կայաններու խորհրդածութիւններու կեդրոնական նիւթին վրայ, որ է ՜՜ՙԸնտանիքը՝՝։ Դժուարութիւններու եւ տառապանքներու ատեն, մենք մինակ չենք. Ընտանիքը մինակ չէ - ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը - Յիսուս ներկայ է իր սիրով եւ իր շնորհքներով, որ նոր կորով կը ներշնչեն յառաջ ընթանալու։
Քրիստոսի չարչարանքի, մահուան եւ Յարութեան խորհուրդը կը խրախուսեն մեզ յոյսով քալելու դէպի յառաջ։ Տառապանքի եւ ընկճումի եղանակը` եթէ ապրուած է Քրիստոսի հետ, անոր հանդէպ հաւատքով, իր մէջ կը ներփակէ արդէն Յարութեան Լոյսը, Յարուցեալ աշխարհի նոր կեանքը եւ իւրաքանչիւր անհատի Զատիկը։
Այդ Խաչեցեալ Մարդուն՝ որ է Աստուծոյ որդին, անոր միջոցաւ, որ է, նոյնիսկ մահը նոր իմաստ կը ստանայ, անցքը դէպի նոր կեանք <<եթէ մանանեխի հատիկը հողին մէջ չիյնայ ու չմեռնի՝ մինակ կը մնայ, իսկ եթէ մեռնի՝ շատ արդիւնք կու տայ>>։ Աստուածամօր յանձնենք մեր ընթացքը, Ան որ իր որդիին ընկերացաւ խաչի ճանապարհի ընթացքին, Ան որ խաչին տակ հսկեց անոր մահուան ժամուն, Ան որ քաջալերեց եկեղեցին իր ծնունդի օրէն իսկ, թող առաջնորդէ մեր սրտերը, բոլոր ընտանիքներու սրտերը դէպի այն Լոյսը որ կը յայտնուի Քրիստոսի Յարութեամբ եւ ուղեցոյց կը հանդիսանայ ՜՜սիրոյ ուրախութեան՝ կեանքի վերջնական յաղթանակին, չարին, տառապանքին եւ մահուան վրայ։ Ամէն








All the contents on this site are copyrighted ©.