2012-04-06 12:36:53

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդը Սուրիոյ Կոչ Կ՛Ուղղէ Զինադադարի Հաստատման 10 Ապրիլի Ժամկէտը Յարգելու։


ՄԱԿ-ի մօտ Միացեալ Նահանգներու մնայուն դեսպան Սիւզըն Ռայս յայտարարեց, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը սուրիական տագնապին շուրջ որդեգրեց նախագահական հաղորդագրութիւն մը, որ կոչ կ՛ուղղէ բնակելի շրջաններէն զինուորական ուժերը հեռացնելու, ծանր զէնքերու օգտագործումը անմիջապէս դադրեցնելու եւ այդ քայլերը մինչեւ 10 ապրիլ ամբողջական կերպով գործադրելու:
Հաղորդագրութիւնը նաեւ առնչակից կողմերուն, ներառեալ` ընդդիմութեան կոչ ուղղեց կառավարութեան կողմէ իրմէ պահանջուածը կատարելէն մինչեւ 48 ժամ ետք բռնարարքները դադրեցնելու:
Ապահովութեան խորհուրդը ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունէն պահանջեց սուրիական կառավարութեան հետ խորհրդակցելէ ետք վերոնշեալ մեքանիզմին գործադրութեան համար կարելի եղածին չափ շուտ առաջարկներ ներկայացնելու: Ապահովութեան խորհուրդը սուրիական տագնապի խաղաղ լուծման կարեւորութիւնը շեշտեց եւ դարձեալ պահանջեց ՄԱԿ-ի եւ Արաբական Լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Քոֆի Անանի վեց կէտերէ բաղկացած ծրագիրը գործադրել:
Խորհուրդը սուրիական իշխանութիւններուն կոչ ուղղեց մարդասիրական օժանդակութեան մատակարարումը արտօնելու եւ բոլոր կողմերուն թելադրեց այդ օժանդակութեանց մատակարարումը դիւրացնելու համար ՄԱԿ-ի հետ գործակցելու:
Նախքան Ապահովութեան խորհուրդի նիստը, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ գործուող բռնարարքներուն նկատմամբ որդեգրուելիք որեւէ քայլ պէտք է ուղղուած ըլլայ Անանի ծրագիրը յաջողցնելու, եւ այդ ծրագիրը տարատեսակ զգուշացումներով ու սպառնալիքներով ձախողութեան մատնելէն պէտք է զգուշանալ: Ան ցաւ յայտնեց, որ կարգ մը երկիրներ կ՛ուզեն, որ դէպքերը այդ ուղղութեամբ զարգանան:








All the contents on this site are copyrighted ©.