2012-04-06 12:37:35

Աւագ Հինգշաբթի Օրուայ Արարողութիւնները Զալքայի Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ Եւ Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին Մէջ:


Լիբանան- Հինգշաբթի, 5 ապրիլին, Զալքայի Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ Ոտնլուայի կարգը, որուն ընթացքին Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս-Պատրիարքը, ժողովուրդին ուղղած իր քարոզին մէջ նկատել տուաւ, որ Աւագ հինգշաբթի օրը Յիսուս երկու կարեւոր խորհուրդներ հաստատեց. ՜՜քահանայական խորհուրդը եւ Ս. հաղորդութեան խորհուրդը՝՝: Ան բացատրեց իւրաքանչիւրին իմաստը` յորդորելով ներկաները մաքուր սրտով պատրաստուելու՝ ընդունելու համար Ս. Հաղորդութիւնը` զղջալով մեր գործած մեղքերուն վրայ:
Հոգեւոր Տէրը վեր առաւ նաեւ խոնարհ ըլլալու առաքինութիւնը. ՜՜Իսկական հաւատքը կարելի չէ բաժնել խոնարհութենէն… անկեղծ խոնարհութեան առաքինութիւնը հազուագիւտ է՝՝, շեշտեց Կաթողիկոս պատրիարքը` աւելցնելով, որ Յիսուս թելադրեց իր աշակերտներուն եւ հետեւորդներուն, որ իրմէ սորվինք խոնարհութիւնը՝՝:
Ամենապատիւ հոգեւոր տէրը ընդգծեց, որ Ոտնլուայի արարողութիւնը բացայայտ փաստ մըն է Յիսուսի խոնարհութեան, որուն հետեւեցան իր հետեւորդները եւ ուրիշներուն հանդէպ ծառայութիւններ մատուցեցին: Ան բացատրեց հպարտ ու խոնարհ մարդոց տարբերութիւնը եւ յորդորեց ներկաները, որ Յիսուսի նման խոնարհ ըլլան, որպէսզի կարենան իրենց հոգիներուն հանգիստը եւ յաւիտենական կեանքը գտնել: Ապա լուաց Ս. Խաչ ժողովրդապետութեան սկաուտներուն ոտքերը եւ անոնց բաժնեց վարդարաններ:
Աւարտին՝ Ամենապատիւ հոգեւոր տէրը նաեւ այցելեց ու «Պահպանիչով» օրհնեց Ս. Խաչ ժողովրդապետութեան վերակազմ սկաուտախումբի «Արիներուն» նոր օճախը` «Լոգալը», մաղթելով անոնց յաջողութիւն, յարատեւութիւն, առաւել խանդ եւ ծառայութիւն ի սպաս Հայ եկեկղեցւոյ եւ հայ ժողովուրդին պայծառութեան:
Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը արժանացաւ Արիներու կողմէ սկաուտական կանչերուն եւ ծափահարութիւններուն:
Աւագ Հինգշաբթի Օրը Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին Մէջ:
«Խոնարհութիւնը Սիրով Եւ Ծառայութեամբ Թրծուած Մարդկային Կեանքի Գերագոյն Առաքինութիւնն Է» Ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս
Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ ` Արամ Ա. կաթողիկոսը նախագահեց առաւօտեան ժամերգութեան, Կարգ ապաշխարողաց եւ Ս. պատարագին` իսկ յետմիջօրէին, Մայր տաճարին մէջ կատարեց Ոտնլուայի սրտայոյզ արարողութիւնը: Վեհափառը տասներկու դպրեվանեցիներու, սարկաւագներու եւ վարդապետներու ոտքերը լուաց եւ տուաւ իր հայրապետական պատգամը, ան ըսաւ: «Խոնարհութիւնը Սիրով Եւ Ծառայութեամբ Թրծուած Մարդկային Կեանքի Գերագոյն Առաքինութիւնն Է»։
Արամ Ա. կաթողիկոս օրուան Աւետարանէն առնելով իր բնաբանը` Յիսուսի կողմէ կատարուած ոտնլուայի դէպքին մէջ տեսաւ խոնարհութեան գերագոյն արտայայտութիւնը: Քրիստոսի տուած խոնարհութեան օրինակը մարդկութեան կեանքին մէջ տեսնելու յոյսով` վեհափառը աշխարհի խաղաղութիւնը, մարդոց միջեւ փոխադարձ սէրն ու գործակցութիւնը նկատեց աղբիւր բարիքի եւ համերաշխութեան:
Հաւատացեալ բազմութիւնը արարողութենէն ետք իր հետ առաւ օրհնուած իւղէն` իր տան իւղին խառնելու զայն, աստուածային բարիքները իր տան վրայ առատացնելու աղօթքով ու ջերմեռանդ հաւատքով:
Նոյն օրը, երեկոյեան ժամը 7:00-էն մինչեւ ուշ գիշեր, մայրավանքը խճողուած էր հաւատացեալ բազմութեամբ եւ յատկապէս հայ երիտասարդներով, որոնք ներկայ գտնուեցան «Լացի գիշեր»-ուան խորհրդաւոր արարողութեան: Խաչելութեան կարգի ընթացքին քարոզեց Յովհաննէս աբղյ. Սաղտըճեան` Աստուածորդիին կատարած ինքնազոհողութեան օրինակը ներկայացնելով հաւատացեալներուն:
Միաբան հայրերու կողմէ կարդացուեցան Աւետարանի եօթը հատուածները, որոնց ընթացքին հաւատացեալներ, հին աւանդութեան համաձայն, դերձանի մը վրայ եօթը հանգոյցներ կապեցին, մինչեւ Համբարձման տօնը իրենց դաստակներուն վրայ պահելու համար եկեղեցւոյ աղօթքներուն զօրութիւնը:
Վեհափառին «Պահպանեա՛» աղօթքով ու Կենաց փայտի օրհնութեամբ, ուշ գիշերին հաւատացեալներ մեկնեցան մայրավանքէն` Աւագ հինգշաբթիի խորհուրդով վերանորոգուած:












All the contents on this site are copyrighted ©.