2012-04-05 12:33:26

Մարոնի Եպիսկոպոսները Բոլոր Կողմերուն Կոչ Ուղղեցին Առարկայականութեան Յանձնառու Մնալու։


Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ առաւօտեան Պքերքէի մէջ նախագահեց Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի ընթացիկ նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի եւ մարոնի եկեղեցւոյ վերաբերող հարցեր:
Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի նիստէն բխած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ անհրաժեշտ է զգուշանալ Լիբանանի տնտեսական պայթուցիկ կացութենէն եւ լիբանանցիներուն եւ լիբանանեան պետութեան վրայ անոր ունենալիք հետեւանքներէն:
Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը կոչ ուղղեց լիբանանցի պատասխանատուներուն տնտեսական յստակ քաղաքականութիւն որդեգրելու:
Խորհուրդը մտահոգութիւն յայտնեց նաեւ Լիբանանի մէջ քաղաքական սուր բառամթերքի օգտագործումին եւ այս կամ այն քաղաքական պատասխանատուին արժանապատուութիւնը վիրաւորելու երեւոյթներուն առնչութեամբ:
Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը կոչ ուղղեց առարկայականութեան յանձնառու մնալու:
Խորհուրդը դրուատեց Պքերքէի մէջ իսլամ եւ քրիստոնեայ հոգեւոր պետերուն ունեցած խորհրդակցական հանդիպումը եւ համաձայն գտնուեցաւ Միջին Արեւելքի ու արաբական աշխարհի մակարդակով հոգեւոր վեհաժողով մը գումարելու անհրաժեշտութեան:








All the contents on this site are copyrighted ©.