2012-04-05 12:29:07

Աւագ Հինգշաբթի Օրուայ Արարողութեան Ընթացքին Կատարուած Դրամահաւաքը Յատկացուած Սուրիացի Գաղթականներուն։


Հինգշաբթի 5 ապրիլ 2012 յետ միջօրէի ժամը 17.30 Հռոմի Լատերանեան Սուրբ Յովհաննէսի Պազիլիքայի Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը կը գլխաւորէ վերջին ընթրիքը խորհրդանշող համապատարագը որուն ընթացքին կը կատարէ նաեւ ոտնլուայի արարողութիւնը 12 քահանաներու ոտքերը լուալով։
Արարողութեան ընթացքին տեղի ունեցած դրամահաւաքը, այս տարի պիտի յատկացուի Սուրիոյ գաղթականներուն կարինքները հոգալու։ Արարողութեան աւարտին տեղի պիտի ունենայ թափօր մը կեդրոնական տապանակէն Սուրբ հաղորդութիւնը փոխադրելու համար Սուրբ Հաղորդութեան վերապահուած յատուկէն զարդարուած Մատուռը։








All the contents on this site are copyrighted ©.