2012-04-04 14:53:02

Էտուարտօ Էռնեկեանի Նուէրը Ղարաբաղի Աշակերտներուն՝ 3500 Համակարգիչներ։


«Ֆրութֆուլ Արմէնիա» հիմնադրամը սկսած է համակարգիչներ բաժնել Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան աշակերտներուն: Արժանթինահայ բարերար Էտուարտօ Էռնեկեանի նուէր 3500 համակարգիչները արդէն սկսած են յանձնուիլ Ստեփանակերտի, Շուշիի եւ Քարինտակի առաջինէն չորրորդ դասարանի բոլոր աշակերտներուն եւ ուսուցիչներուն:
Առաջին օրը` Ապրիլ 2-ին, համակարգիչներու յանձնման արարողութեան մասնակցած են ԼՂՀ վարչապետ Արա Յարութիւնեան, ԼՂՀ կրթութեան նախարար Վլատիկ Խաչատրեան, ՀԲԸՄ Հայաստանեան ներկայացուցչութեան կառավարման խորհուրդի նախագահ Աշոտ Ղազարեան, ՀԲԸՄ ԼՂՀ ծրագրերու համակարգող Սասուն Պաղտասարեան, ՆՈՒՌ ծրագրի ղեկավար Սեբաստիան Արիաս Տիւուալ:
ՆՈՒՌ ծրագիրը կ’իրագործուի ՀԲԸՄ-ի հետ գործակցութեամբ, որ աշխարհի ամենամեծ հայկական շահոյթ չհետապնդող կազմակերպութիւնն է եւ տեղւոյն վրայ օգնութիւն կը ցուցաբերէ` նախագիծի յաջողութիւնը երաշխաւորելու համար:
ՆՈՒՌ ծրագիրը կ’իրականացուի հետեւելով «մէկ համակարգիչ իւրաքանչիւր երեխայի» (ՄՀԻԵ) ծրագրի գաղափարին:








All the contents on this site are copyrighted ©.