2012-04-04 13:05:18

Էջ Մը Հայ Մատենագրութենէն։

ԴԱՒԻԹ ԱՆՅԱՂԹ ՓԻԼԻՍՈՓԱՅ


Դաւիթ ծնած է Հարք գաւառի Հերեան գիւղը. Ան Մովսէս Խորենացիի քրոջ որդին էր եւ երբ Սահակ եւ Մեսրոպ կ՛ընտրեն 60 հոգի, բոլորն ալ ուշիմ ու զարգացած երիտասարդներ, զանոնք ուղարկելու համար օտար երկիր ուսմունքի համար, որպէսզի յետագային ըլլային թարգմանիչներ, Դաւիթ ալ կ՛ընտրուի, իբր վերջիններէն մին. Սակայն իր յամառութեամբ ուսմանց մէջ կը յաջողի հանդիսանալ առաջիններէն եւ մանաւնդ իմաստասիրութեան, կամ փիլիսոփայութեան գիտութեան մէջ ամէնէն յառաջադէմը, որուն համար կը կոչուի Անյաղթ Փիլիսոփայ։
Ամէն մարդ կը յիշէ իր անյաղթ տիտղոսը, սակայն մոռացութեան կը մատնէ իր միւս տիտղոսը որ է Աստուածադէր եւ որ տրուած է իրեն իր բարեպաշտութեան համար։ Ըստ Ս. Ներսէս Շնորհալիի Դաւիթի տրուած փիլիսոփայ տիտղոսը չի գար միայն իր իմաստասիրութեան մէջ հմտութենէն, այլ նաեւ իր կատարելութենէն երաժշտական արուեստի մէջ եւս, որով ան անթերի կերպով կը կատարէր բոլոր ծիսական հրահանգներն ու արարողութիւնները։
Երբ Աթէնք կը գտնուէր Դաւիթ, Յոյները այնքան հիացած էին իր իմաստութեան վրայ որ զինք կը համարէին որպէս իրենցմէ մին եւ կը պարծենային իրմով. Յետագային երբ Պոլիս գնաց իր քեռիին` Մովսէս Խորենացիի հետ, Մարկիանոս Կայսեր առջեւ ներկայանալով երկուքն ալ, ըմբբերանեցին բիւզանդացի փիլիսոփաները իրենց գիտութեամբ եւ ճարտարախօսութեամբ։
Ինք եւս կը մասնակցի Աստուածաշունչի եւ զանազան ուրիշ գրութիւններու թարգմանութեան Յունարէնէ՝ Հայերէնի։ Կայսրը կ՛ուզէ զինք պահել Կ.Պոլիս հիացած իր զարգացման ու հմտութեան վրայ, սակայն ինք կ՛որոշէ դառնալ Հայաստան. Բայց իր դարձին` ողբալի վիճակի մէջ կը գտնէ իր երկիրը եւ գիտութեան հանդէպ բոլորովին անտարբեր։ Ասոր վրայ կը քաշուի ասպարէզէն եւ ճգնաւորական կեանք մը կը վարէ աղօթքով ու ծոմապահութեամբ մինչեւ իր մահը որ տեղի կ՛ունենայ Տարօն գաւառի մօտ` Ղազարու վանքին մէջ։
Գալով իր գրութիւններուն, անոնց մէջ նշանաւոր է Խաչին Ներբողը, զոր գրած է ընդդէմ հայ երեք խաչագող խաբեբաներու որոնք ժողովուրդը կ՛ուզէին դէպի սխալ վարդապետութիւն առաջնորդել. Այս ներբողը կատարած է խնդրանքին վրայ Գիւտ Կաթողիկոսին։
Իր փիլիսոփայական գործն է Գիրք սահմանաց կամ Սահմանք իմաստասիրութեան ուր կը խօսի յոյն իմաստակներու դէմ եւ կու տաձ հիմը ճշմարիտ իմաստասիրութեան։ Այս գրութիւնը թարգմանուած է նաեւ Յունարէնի եւ մեծ գովասանքի արժանացած է Յոյներու կողմէ։
Իրեն վերագրուած է նաեւ Գովեստ ներբողական ի սուրբ Եկեղեցի գրութիւնը, որ սակայն նոյն ոճն ու լեզուն չունենալով, հաւանաբար աւելի վերջը եղած գրութիւն մըն է։
Դաւիթի բոլոր գործերը տպագրուած են Վենետիկի մէջ 1833-ին։








All the contents on this site are copyrighted ©.