2012-04-03 12:16:56

Պուլկարիոյ Վարչապետին Գլխաւորած Պատուիրակութիւնը Հայաստանի Մէջ։
Կիպրոսի Արտաքին Գործոց Նախարարը Այսօր Հայաստան Կը Ժամանէ։


Պուլկարիոյ վարչապետ Պոյքօ Պորիսովի գլխաւորած պատուիրակութիւնը 2 Ապրիլին պաշտօնական այցելութեամբ հասած է Երեւան եւ «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ ընդունուած է Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի կողմէ:
Պորիսովի ընկերակցող պատուիրակութեան մաս կը կազմեն Պուլկարիոյ փոխադրամիջոցներու նախարար Իվայլօ Մոսքովսքին եւ աշխատանքի հարցերով նախարար Թոթիւ Մլատենովը, ինչպէս նաեւ արտաքին գործոց փոխնախարար Իվան Նայտենովը:
Նախատեսուած է, որ Պուլկարիոյ վարչապետը Հայաստանի մէջ հանդիպումներ ունենայ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի, վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի, Ազգային Ժողովի Նախագահ Սամուէլ Նիկոյեանի եւ Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին հետ:
Իսկ Կիպրոսի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց Նախարար Էրաթօ Քազաքու-Մարկուլիս 3 Ապրիլին պաշտօնական այցելութեամբ կը հասնի Հայաստան։
Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Կիպրոսի Հանրապետութեան միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւնները հաստատուած են 1992ին: Երկու երկիրներուն միջեւ կան ստորագրուած տասնեակէ աւելի համաձայնագիրներ: Հայաստանի եւ Կիպրոսի միջեւ ապրանքաշրջանառութիւնը 2011 թուականին կազմած է շուրջ 5 միլիոն տոլար:








All the contents on this site are copyrighted ©.