2012-04-03 12:17:23

Ոչ Եւս Է Բանաստեղծ Զարեհ Մելքոնեան:


Ուրբաթ, 30 մարտին, յետ երկարատեւ հիւանդութեան Ֆրիմոնթի մէջ իր մահկանացուն կնքեց սփիւռքահայ բանաստեղծ եւ թատերագիր Զարեհ Մելքոնեան:
Զարեհ Մելքոնեան ծնած է Հալէպ` 1922-ին: Աւարտելէ ետք Կիպրոսի Մելգոնեան կրթական հաստատութիւնը եւ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանը` երկար տարիներ կը նուիրուի կրթական ասպարէզին` իբրեւ հայոց լեզուի եւ քերականութեան ուսուցիչ:
Մելքոնեան 1956-էն 1964 կը խմբագրէ Թէքէեան մշակութային միութեան «Շիրակ» գրական ամսաթերթը: Ունի քերթուածներու տասներկու հաւաքածոներ` առաջինը 1943-ին` «Ես եւ մարդիկ» խորագիրով, իսկ վերջինը` «Մորմոքը` տարբաղադրուող երազներուն» (2011): Ան հեղինակ է նաեւ տասներեք թատերական գործերու, գրադատական եւ յուշագրական էջերու:
Զարեհ Մելքոնեան մանկավարժական մարզին մէջ ծանօթ կը մնայ իր հեղինակած քերականութեան յայտնի դասագիրքերով:








All the contents on this site are copyrighted ©.