2012-04-02 13:06:27

Պրազիլի Րիօ Տէ Ժանէյրօյի 2013ի Երիտասարդներու Համաշխարհային Օրուայ Նուիրուած` Մամլոյ Աուսլիս


Երկուշաբթի 2 ապրիլի առաւօտեան ժամը 11.30 անց Վատիկանի մամլոյ գրասենեակի` ՅՊԲ անուան սրահին մէջ, Քահանայապետական Աշխարհականներու Խորհուրրդի նախաձեռնութեամբ, տեղի ունեցաւ մամլոյ աուսլիս որուն ընթացքին ներկայացուեցաւ Պրազիլի Րիօ Տէ Ժանէյրօյի մէջ` յառաջիկայ 2013ի` յուլիսին նշուելիք Երիտասարդներու Համաշխարհային օրուայ պատրաստողական աշխատանքներու գործնթացը։
Րիօ Տէ Ժանէյրօյի Երիտասարդներու Համաշխարհային օրը պիտի նշուի 23 - 28 յուլիս 2013 եւ ունի որպէս բնանիւթ <<Գացէք ուրեմն, աշակերտեցէք բոլոր ազգերը...>>։
Մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ելոյթ ունեցան Կարտինալ Սթանիզլավ Րիլքոյ` Քահանայապետական Աշխարհականներու Խորհուրրդի նախագահ, գերապայծառ Օրանի Թէմբէսթա` Րիօ Տէ Ժանէյրօյի Արքեպիսկոպոս եւ Պրազիլի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի երիտասարդութեան յանձնախումբի նախագահ գերապայծառ Էտուարտօ Բինիէրօ տա Սիլվա։
Նշենք որ անեցալ 29 մարտէն - 1 ապրիլ, Աշխարհականներու Քահանայապետական Խորհուրդի նախաձեռնութեամբ, Հռոմի մօտակայ Ռօքքա Տի Բաբա շրջանի մէջ տեղի ունեցաւ Երիտասարդներու Համաշխարհային օրուայ պատասխանատուներու միջազգային հաւաքը եւ կիրակի 1 ապրիլին` Ծաղկազարդի տօնին առթիւ, ժողովականները մասնկցեցան Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ Սրբազան Քահանայապետի գլխաւորած Սուրբ Արարողութեան որուն ընթացքին նշուեցաւ նաեւ Երիտասարդներու համաշխարհային թեմական օրը։








All the contents on this site are copyrighted ©.