2012-03-31 10:25:24

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Ապրիլ Ամսուայ Ընթացքին Գլխաւորած Արարողութիւնները:


Նորին Սրբութիւնը 2012ի ապրիլ ամսուայ ընթացքին կը գլխաւորէ հետեւեալ արարողութիւնները.

Կիրակի 1 ապրիլ։ Ծաղկազարդի Կիրակին է։
Առաւօտեան ժամը 9.30, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ Սրբազան Քահանայապետը կատարելէ ետք արմաւենիներու եւ ձիթենեաց ճիւղերու օրհնութիւնը թափօրով մուտք կը գործէ Սուրբ Պետրոսի Տաճարը ուր կը գլխաւորէ ծաղկազարդի Սուրբ Պատարագը։
Ծաղկազարդի յաջորդող շաբաթուայ ընթացքին կը նշուի աւագ շաբաթը։
Հինգշաբթի 5 ապրիլը Աւագ Հինգշաբթին է։ Առաւօտեան ժամը 9.30 Սրբազան Քահանայապետը կը նախագահէ միւռոնօրհնէքի սուրբ պատարագին իսկ յետ միջօրէի ժամը 17.30 Հռոմի Լատերանեան Սուրբ Յովհաննէսի Պազիլիքայի մէջ Նորին Սրբութիւնը կը գլխաւորէ վերջին ընթրիքը խորհրդանշող համապատարագը եւ ապա կը կատարէ ոտնլուայի արարողութիւնը։
6 Ապտիլը Աւագ Ուրբաթ օրն է։ Սուրբ Պետրոսի Մայր Տաճարին մէջ յետ միջօրէի ժամը 17ին կը կատարուի Յիսուսի չարչարանաց յիշատակութեան արարողութիւնը։ Իսկ երեկոյեան ժամը 21.15անց Հռոմի Գոլոսսէումի երկհազարամեայ անբիթատրոնի տարածքին վրայ Սրբազան Հայրը կը կատարէ ճանապարհ խաչի արարողութիւնը։
Շաբաթ 7 ապրիլին Աւագ Շաբաթ օրուայ երեկոյեան տեղի կ՛ունենայ հսկումի աղօթք, ի պատրաստութիւն Զատկուայ հրաշագործ Սուրբ Յարութեան տօնին որ կը կատարուի Կիրակի 8 ապրիլին։ Այս առթիւ առաւօտեան ժամը 10.15 անց Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը կը գլխաւորէ Հանդիսաւոր Սուրբ պատարագը ու ապա Սուրբ Պետրոսի պատշգամէն ժամը 12ին կ՛ուղղէ Urbi et Orbi օրհնութիւնը այսինքն Հռոմի ու համայն աշխարհի տարածքին օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.