2012-03-31 10:25:44

Յիսուսի Ս. Յարութեան Տօնին՝ Աւելի Քան 3000 Չափահասներ Պիտի Մկրտուին ֆրանսայի Զանազան Ժողորդապետութիւններու Մէջ:


Նախապէս Անոնք Հետեւած են Քրիստոնէական Դասընթացքի Մը։
Յիսուսի Ս. Յարութեան տօնին՝ 7 եւ 8 ապրիլին աւելի քան 3 հազար չափահասներ պիտի մկրտուին, այսպէս յայտարարած է ֆրանսայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասը։ Անոնք պիտի ընդունին մկրտութեան, դրոշմի եւ Ս. հաղորդութեան խորհուրդները։ ֆրանսայի եկեղեցւոյ տուեալներուն համաձայն 10,728 չափահասներ կը պատրաստուին քրիստոնեայ դառնալու։ Անոնց պատրաստութիւնը տարիներ կը տեւէ ապա մկրտութեամբանոնք կը դառնան Յիսուսի աշակերտներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.