2012-03-31 12:30:59

Թուրք Ուսանողները Կոչ Կ՛ընեն Առերեսուելու Հայոց Ցեղասպանութեան Հետ:


Պոլսոյ յայտնի "Պողազիչի Համալսարան"ի ուսանողները «Խաղաղութեան եւ Արդարութեան շաբաթ»ի ծիրէն ներս, «Մարդկութիւնը կեղտոտ պատերազմի լաբիրինթոսներէն հանելու համար», կազմակերպած են ձեռնարկ մը, ուր խօսուած է նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին:
Ըստ Պոլսոյ «Ակօս»շաբաթաթերթին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան կողքին քննուած են նաեւ քրտական հարցը եւ քանի մը ամիս առաջ Իրաք-Թուրքիա սահմանին վրայ տեղի ունեցած 35 քիւրտ քաղաքացիներու սպաննութիւնը:
Միջոցառման բացման խօսքին մէջ, Օզկէ Քելեքչին խօսած է ՝՝քիւրտերու ազատութեան ձգտումին, հայերու պատմական եւ իրաւական արդարութեան փնտռտուքներուն, ինչպէս նաեւ ալաուիներու եւ ասորիներու գոյութեան պայքարին մասին՝՝:








All the contents on this site are copyrighted ©.