2012-03-31 10:25:33

Երիտասարդներու Համաշխարհային Օրուայ Պատասխանատուներու Միջազգային Հաւաքը


29 մարտէն - 1 ապրիլ Հռոմի մօտակայ Ռօքքա Տի Բաբա շրջանի մէջ տեղի կ՛ունենայ Երիտասարդներու Համաշխարհային օրուայ պատասխանատուներու միջազգային հաւաքը որ կազմակերպուած է Աշխարհականներու Քահանայապետական Խորհուրդի նախաձեռնութեամբ։ Հաւաքը սկիզբ առաւ 29 մարտին վերոյոշեալ խորհուրդի նախագահ Կարտինալ Սթանիզլավ Րիլքոյի ելոյթով։ Առաջին օրուայ նիստի ընթացքին ներկայացուեցաւ երիտասարդներու համաշխարհային Մատրիտեան 2011-ի օրուայ ընդհանուր հաշուեկշիռը որուն ընթացքին ելոյթ ունեցան Մատրիտի առաջնորդ Կարտինալ Անթոնիօ Մարիա Րօուգօ Վարելան, ԺՄԺ 2011 գործադիր տնօրէն տիար Եակօ Տէ լա Չիերվա եւ ԺՄԺ 2011-ի ընդհանուր քարտուղար հայր Կրէկորիոյ Րոլտանը։
Ուրբաթ 30 մարտի նիստի բնանիւթն եղաւ <<Դէպի Րիօ 2013>> եւ այս առթիւ ելոյթ ունեցան Րիօ Տէ Ժանէյրօյի Արքեպիսկոպոս գերապայծառ Օրանի Թէմբէսթա, Պրազիլի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի երիտասարդութեան յանձնախումբի նախագահ գերապայծառ Էտուարտօ Բինիէրօ տա Սիլվա եւ Հայր Գարլոս Սավիօ որ Պրազիլի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի երիտասարդութեան մասնաճիւղի պատասխանատուն։ Ելոյթներու ընթացքին ներկայացուեցաւ երիտասարդութեան միջազգային օրուայ նոր հանգրուանի մարտհրաւէրները եւ հաւաքի ձգտումները։
31 մարտին ապա կատարուեցաւ խորհրդածական նիստ մը <<երիտասարդներու կազմաւորումը եկեղեցւոյ առաջնահերթ առաքելութիւն>> նիւթին մասին որուն ընթացքին ելոյթ կ՛ունենան գերապայծառ Ժոզէֆ Գլէմէնս` աշխարահականներու քահանայապետական խորհուրդի քարտուաղարը եւ հայր ֆապիօ Ադդարտ` Սալեզիան միաբանութեան երիտասարդներու հովութեան ընդհանուր խորհրդատու։
Իսկ Կիրակի 1 ապրիլ 2012 ին` Ծաղկազարդի տօնին առթիւ ժողովականները կը մասնկացին Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ Սրբազան Քահանայապետի գլխաւորուած Սուրբ Արարողութեան որուն ընթացքին պիտի նշուի նաեւ Հռոմի Թեմի Երիտասարդներու համաշխարհային օրը։








All the contents on this site are copyrighted ©.