2012-03-30 13:17:05

Վատիկանեան Տեղեկութիւններ


Ուրբաթ 27 Մարտի առաւօտեան ժամը 9ին Վատիկանի Redemptoris Mater մատրան մէջ տեղի ունեցաւ քառասնորդաց շրջանի աւանդական ՜՜Պահոց քարոզներու՝՝ չորրորդ ու վերջին նիստը, զոր կատարեց Քահանայապետական տան քարոզիչը՝ հայր Րանիէրօ Քանդալամէսսան եւ որուն իր մասնկացութիւնը բերաւ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը։ Նշենք որ ի պատրաստութիւն Սրբազան Քահանայապետի կողմէ, յառաջիկայ 12 հոկտ 2012 - 24 նոյ 2013 տարեշրջանի յայտարարուած հաւատոյ տարուան` այս տարուայ խորհրդածութիւնները ներշնչուած են Արեւելքի Եկեղեցւոյ Հայրապետներու վարդապետութենէն եւ ունին որպէս բնանիւթ <<Յիշեցէք ձեր առաջնորդները ու անոնց հաւատքը ընդօրինակեցէք - Եկեղեցւոյ Հայրապետները Հաւատքի Վարդապետներ>>։

Ուրբաթ 27 մարտի յետ միջօրէի ժամը 15ին Վատիկանի Պետական կառավարիչ Կարտինալ Ճուզեբբէ Պերթելլոն Հռոմի Գոլոսսէում երկահազարամեայ ամբիթատրոնի մէջ գլխաւորեց ճանապարհ խաչի արարողութիւնը որուն աւարտին Սանդա Մարիա Տէլլա Բիէթա անուան եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Սուրբ Պատարագի արարողութիւն։








All the contents on this site are copyrighted ©.