2012-03-30 13:11:51

Լիբանանի Հոգեւոր Պետերու Ժողով Պքերքէի մէջ։ (Պէյրութ)


Պքերքէի մէջ տեղի ունեցաւ կիրակի 25 Մարտին,Լիբանանի Հոգեւոր Պետերու մէկ ժողովը , նախագահութեամբ Մարոնիներու Ալ Ռաի Պատրիարքին։ Ժողովին՝ արհի. Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեան ներկայացուց Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը։

Ժողովին փակման հաղորդագրութեան մէջ երկրին համայնքապետերը կոչ կ'ուղղեն վերջ դնելու Սուրիոյ մէջ շարունակուող բռնութիւններուն, որոնք մեծ թիւով զոհեր կը խլեն։ Ժողովին ընթացքին արծարծուած են նաեւ լիբանանեան ներքին հարցեր, որոնց քննարկումը առիթ եղած է վերահաստատելու բոլոր լիբանանցիներուն կամքը մէկ հայրենիք կերտելու, դիմելով երկխօսութեան, որպէս միակ միջոցը տարրակարծութիւնները լուծելու։ Ժողովին մասնակիցները նաեւ հաստատած են իրենց կամքը շարունակելու ջանքերը ի խնդիր իսլամ-քրիստոնեայ գագաթաժողովի մը գումարումին արաբական մակարդակի վրայ։

Միշտ 25 Մարտին,երեկոյեան, Ժամհուրի դպրոցի Տիրամօր Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ իսլամ-քրիստոնեայ յատուկ արարողութիւն մը , որուն՝ հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ կողմէ իր մասնակցութիւնը բերաւ արհի. Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեան, այլ հոգեւոր ներկայացուցիչներու կողքին։ Այս առթիւ արտասանած իր խօսքին մէջ, Ալ Ռաի Մարոնիներու Պատրիարքը ըսաւ թէ ՝՝Աստուած մեզ կը կանչէ միասին ապրելու, պահելով մեր միութիւնը եւ յաղթահարելով ինքնաչէզոքացման բոլոր ձեւերը, որովհետեւ մեր միասնական պատասխանատուութիւնն է կերտել մեր ընկերութիւնը՝ միութեան, սիրոյ եւ արդարութեան սկզբունքներէն մեկնելով՝՝։ Պատրիարքը նաեւ յայտնեց, որ պետութեան նախաձեռնութիւնը՝ Աւետման Տօնը Ազգային տօն հռչակելու, կը հաստատէ Լիբանանի բազմազան առաքելութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.