2012-03-29 12:14:36

Պենետիկտոս ԺԶ.Սրբազան Քահանայապետի Գուպա Այցելութեան Հաշուէկշիռը Ռատիօ Վատիկանի Ընդհանուր Տնօրէն Հայր ֆէտէրիքօ Լոմարտի-ի Խօսքերով ։
Պենետիկտոս ԺԶ.րդ եւ ֆիտէլ Գասթրօ Տեսակցութիւնը։


RealAudioMP3 Ռատիօ Վատիկանի Ընդհանուր Տնօրէն, միաժամանակ Սուրբ Աթոռի Մամլոյ հաղորդագրութեանց գրասենեակի Տնօրէնը ՝՝Սրբազան Քահանայապետի ու ֆիտէլ Գասթրոյի միջեւ կայացած հանդիպումի աւարտին՝՝ տուած իր մամլոյ ասուլիսին ըսաւ որ ՝՝Քահանայապետի ու ֆիտէլ Գասթրոյի միջեւ խօսակցութիւնը եղաւ բազմակողմանի եւ կենսալից։ Գուպայի նախկին Ղեկավարը մեծապէս շահագրգրուած էր ծանօթանալու Պենետիկտոս ԺԶ.ի մտածումներուն՝ այժմէական կարեւոր թեմաներու մասին։
Գուպայի յեղափոխութեան առաջնորդ Ֆիտէլ Գասթրօ նկատի ունենալով որ այժմ քաղաքական ոչ մի պատասխանատուութիւն ունի ,շատ կը փափաքէր տեսակցիլ Սրբազան Հօր հետ,եւ կարգ մը հարցումներ ուղղել անոր ընդ որս Եկեղեցւոյ հայող,Քահանայապետի պաշտօնին հայող ու նաւ այսօր մարդկութիւնը յուզող հարցերու մասին։
Ֆիտէլ Գաաթրօ հանդիպումի ընթացքին յայտնեց իր գնահատանքը Մայր Թերեզայի ու Երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի նկատմամբ,անոր համար որ երկուքն Երանելի հռչակուեցան Եկեղեցւող կողմէ։ Երկու անձնաւորութիւններ որոնց հետ ծանօթացած է նոյնինքն ֆիտէլ Գասթրօ ու անոնց նկատմամբ ան ունի մեծ գնահատում եւ հիացում ։
Իսկ այս ճամբորդութեան վերջնական հաշուէկշիռի մասին արտայայտուելով Հայր ֆէտէրիքօ Լոմպարտի ըսաւ ՝՝ 14 տարի առաջ ՅՊԲ., իսկ այսօր Պենետիկտոս ԺԶ., այս այցելութիւններու գլխաւոր նպատակն է քաջալերել Եկեղեցին, տալով ՝՝նոր կենսունակութիւն եւ յոյս՝՝ որպէսզի իր կարգին Եկեղեցին կարենայ բերել իր նպաստը ընկերութեան։ Բնականաբար Սրբազան Քահանայապետի կատարած խնդրանքները Գուպայի Պատկան Իշխանութեանց ՝՝նոր միջոցներ, աւելի ընդարձակ կրօնական ազատութեան համար՝՝ որպէս վկայութիւն Եկեղեցւոյ լրիւ ներկայութեան, նաեւ գործնականապէս ՝՝դաստիարակչական ու բարեսիրական դաշտերէն ներս ՝՝որոնք Եկեղեցւոյ կարելիութիւն պիտի տան բերելու իր լրիւ նպաստը՝ Գուպայի Ժողովուրդի հասարակաց բարիքին ի խնդիր։








All the contents on this site are copyrighted ©.