2012-03-29 12:51:23

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Եզրափակեց Մէքսիքօ Եւ Գուպա կատարած Առաքելական 23րդ Ճամբորդութիւնը ու Ժամանեց Հռոմ։


RealAudioMP3 Չորեքշաբթի 28 մարտի (Գուպայի Ժամով) յետ միջօրէի ժամը 16ին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը հրաժեշտ առնելով Լա Հապանայի առաքելական դեսպանատունէն քահանայապետական յատուկ իքնաշարժով ուղղուեցաւ Լա Հապանայի Խոսէ Մարթի օդակայանը։
Պողոտաներու եւ ճամբաներու երկայնքին ոտքի կեցած հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը, ինչպէս միշտ, ծափողջոյններով եւ ուրախ աղաղակներով ընկերացաւ անոր ուղեւորութեան ։

Խօսէ Մարթի օդակայանի մէջ հրաժեշտի արարողութեան ներկայ էին Քաղաքական իշխանութիւններ` Դիւանագիտական Մարմնի անդամներ` Գուպայի Եպիկոպոսներ` եւ բազմաթիւ հաւատացեալներ ։

Նորին Սրբութիւնը Գուպայէն հրաժեշտ առաւ անձրեւի տակ <<որ շատոնց ի վեր կը սպասուէր եւ անհրաժեշտ էր >> ըսաւ Գուպայի նախագահը իր արտսանած խօսքին մէջ։

Նորին Սրբութիւնը հրաժեշտի եզրափակիչ Ճառին մէջ առաջին անգամ ըլլալով դատապարտեց <<Տնտեսութիւնը սահմանափակող կիրարկուած միջոցները որ ժխտական ազդեցութիւն ունին համայն բնակչութեան վրայ>> մինչ առաւօտեան սուրբ պատարագի արտասանած քարոզին մէջ յոյս յայտնած էր որ <<երկիրը դառնար աւելի ժողովրդավար>>։

Նորին Սրբութիւնը Գուպայի Լա Հապանայ Խոսէ Մարդի օդակայանի մէջ աւարտեց իր 6 օրուայ պտղաբեր առաքելական ճամբորդութիւնը որուն ընթացքին այցելեց Մէքսիքոն ու Գուպան հանգրուան կատարելով Լէոն, Կուանախուաթոյ, Սիլաօ, Սնադիակօ Տէ Գուպա եւ Լա Հապանա։ Մէքսիքօյի մէջ Սրբազան Քահանայապետի այցելութեան աւելի քան 3.2 միլիոն հաւատացեալներ մասնակցեցան անոր գլխաւորած զանազան արարողութիւններուն եւ հանդիպումներուն։ Նորին Սրբութիւնը հանդիպում ունեցաւ նաեւ երկու երկիրներու նախագահներու հետ ֆելիփէ Գալտէրոն եւ Ռաուլ Գասդրոյ։ Հանդիպեցաւ Մէքսիքոյի մանուկներուն եւ ուխտագնացութիւն կատարեց Գուպայի Virgen de la Caridad del Cobre Սրբավայրին որ այս տարի կը նշէ սրբավայրին մէջ պահպանուած Սուրբ Կոյսի սրբանկարի գիւտի 400րդ տարեդարձի յոբելեանը։ ։

Խոսէ Մարդի օդակայանի մէջ հրաժեշտի արարողութեան ընթացքին արտասանած ճառին մէջ, Նորին Սրբութիւնը գոհունակութիւն յայտնեց Տիրոջ որ իրեն պարգեւեց շնորհքը ուխտագնացութեամբ գալու Գուպա, որպէս Սիրոյ պատգամաւոր շնորհակալ ըլլալու Սուրբ Կոյս Մարիամի սրբանկարին որ 4 դարերէ ի վեր կ՛ընկերանայ Գուպայի Ազգային եւ եկեղեցական կեանքին։
Սրբազան Քահանայապետը հուսկ շնորհակալութիւն յայտնեց Գասդրոյ Նախագահին ըլլայ հիւրնկալութեան ըլլայ ցուցաբերած համագործակցութեան համար։ Ապա շնորհակալ եղաւ Գուպայի եպիսկոպոսներուն մատնանշելով թէ ինք Գուպայ եկաւ որպէս Սուրբ Պետրոսի յաջորդը եւ Յիսուս Քրիստոսի Վկայ այն համոզումով թէ ուր որ Ան հասնի վհատութիւնը տեղի կու տայ եւ յոյսը կը յաղթահարէ։ Անոր անունով (Յիսուս Քրիստոսի) ուզեցի յիշեցնել Անոր փրկութեան պատգամը որպէսզի զօրացնէ Գուպայի եպիսկոպոսներուն ու անոնց կղերին խանդավառութիւնը ու նոր զարկ տայ աւետարանութեան գործնդացին։

Կ՛եզրափակեմ իմ ուխտագնացութիւնս - ըսաւ Սրբազան հայրը - բայց պիտի շարունակեմ աղօթել որ դուք շարունակէք ձեր ճանապարհը եւ Գուպան ըլլայ բոլոր Գուպացիներու տունը ուրտեղ հաստատուի արդարութիւնը` ազատութիւնը եւ եղբայրական համերաշխ մթնոլորտ մը։ Հակասութիւնները լուծուելու են դիմելով` բոլորը միաւորող քայլերու եւ անկեղծ ու համբերատար երկխօսութեամբ եւ իրար զիրար ունկնդրելու փոխադարձ հաստատ կամքով, որ ընդգրկէ նոր յոյսեր ներշնջող նպատակներ։

Խօսքը եզրափակելով Նորին Սրբութիւնը բացականչեց <<Գուպա վերակենդանացուր մէջդ նախահայրերուդ հաւատքը։ Ու այս հաւատքի ույժով կառուցէ աւելի լաւ ապագայ մը, վստահիր Տիրոջ խոստումներուն, սիրտդ բաց Անոր աւետարանին հարազատօրէն վերանորոգելու նպատակով անհատական եւ ընկերային կեանքը։

Մինչ յուզմունքով ձեզմէ հրաժեշտ կ՛առնեմ, կը յայցեմ Տէլ Գոպրէի Ողորմութեան Տիրամօր բարեխօսութիւնը որ պահպանէ բոլոր Գուպայի ժողովուրդը եւ զօրավիք ըլլայ անոնց։ Գուպայ Թող Աստուած օրհնէ քու ապագադ ըսաւ Նորին Սրբութիւնը աւարտելով իր Ճառը։։

Հրաժեշտի պաշտօնական արարողութենէ ետք Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ողջունեց պատկան իշխանութիւնները եւ բարձրանալով օդանաւ իրեն ընկերացող պատուիրակութեան անդամներուն հետ միասին ուղղուեցաւ դէպի յաւիտեանական քաղաք, ուր ժամանեց Հինգշաբթի 29 մարտ 2012-ի առաւօտեան ժամը 10.30-ին (իտալիոյ ժամով)։

Այսպէս վերջ կը գտներ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի միջազգային 23րդ Առաքելական Ճամբորդութիւնը որ զինք առաջնորդած էր Մէքսիքօ եւ Գուպա իր եղբայրակիցները հաստատելու համար իրենց հաւատքին մէջ ու Լատին Ամերիկայի Ժողովուրդներուն տանելու վերջ Յիսուսի սիրոյ եւ յոյսի պատգամը։








All the contents on this site are copyrighted ©.