2012-03-28 16:33:28

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Հոգեշահ Քարոզը Լա Հապանայի Մէջ։


RealAudioMP3 Սրբազան Քահանայապետը Բլասա Տէ Լա Րէվոլուսիոն <<Խոսէ Մարթի>> հրապարակին վրայ նախագահած Սուրբ Պատարագի արարողութեան ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ գոհունակութիւն յայտնեց Տիրոջ <<որ մեզ համախմբեց այս հրապարակի վրայ...>> եւ ապա շնորհակալութիւն յայտնեց Կարտինալ Օրթէկայի-ն ու Ողջունեց արարողութեան ներկայ Եեկեղեցական Դասն ու Պատկան Իշխանութիւնները։ Նորին Սրբութիւնը ապա անդրադարձաւ օրուան Սուրբ Գրային ընթերցումներուն, մասնաւորպէս շեշտը դնելով օրուան Աւետարանին վրայ քաղուած՝ Սուրբ Յովհաննէսի Աւետարանէն (գլուխ 8, 31 - 42 համարներ)։

<<Եթէ մնաք իմ խօսքիս մէջ, իսկապէս իմ աշակերտներս էք եւ պիտի ճանչնաք ճշմարտութիւնը, եւ ճշմարտութիւնը ձեզ պիտի ազատէ։>> Աւետարանին մէջ Յիսուս կը յայտնուի որպէս Աստուծոյ Որդի, Փրկիչը, միակը որ կրնայ յայտնել ճշմարտութիւնը եւ պարգեւել իսկական ազատութիւնը։ Սրբազան Քահանայպետը խորհրդածեց մարդոց վերաբերմունքի մասին հանդէպ ճշմարտութեան <<զայն բնտրելը կը պահանջէ իսկական ազատութեան պարտադրումը։ Շատերը սակայն կը նախնտրեն կարճ` ճամբաներ, խուսափելով՝ այս պարտականութենէն >> ։ Շատեր ինչպէս Պիղատոսը կը կարծեն թէ գիտակից են ճշմարտութեան...այս վարուելակերպը ինչպէս թերահաւատութիւնը եւ յարաբերականութիւնը սրտի փոփոխութիւն կը յառաջացնեն, անտարբերութիւն, տատամսում , ուրիշներէ հեռակայութիւն ստեղծելով։

Անոնք որոնք իրենց ձեռքերը կը լուան (ինչպէս Պիղատոսը) թոյլ կու տան որ պատմութեան գետը հոսի առանձ փոխ-զիջումներու ենթարկուելով։ Իսկ ուրիշներ այս ճշմարտութեան որոնումը սխալ կ՛ըմբռնեն ու անտրամաբան ու մոլեռանդ կը դառնան իրենց <<ճշմարտութեան>> մէջ ընկղմելով։ Հաւատքը եւ Բանականութիւնը ամբողջացուցիջ պայմաններ են ճշմարտութեան որոնումին ի մէջ։ Աստուած, Մարդը ստեղեց ճշմարտութեան ձգտելու կոչումով եւ ասոր համար է որ անոր տուաւ բանականութիւնը։ Մարդու ճշմարտութիւնը անհրաժեշտ պայման մըն է ազատութեան հասնելու համար։ Քրիստոնէութիւնը չի պարտադրեր այլ կ՝առաջարկէ Քրիստոսի հրաւէրը, ճանչնալու ճշմարտութիւնը եւ ձգտելու ազատութեան ։ Սիրելի բարեկամներ (ըսաւ Նորին Սրբութիւնը) տատամսոտ մի ըլլաք Յիսուս Քրիստոսի հետեւելու մէջ։ Անոր մէջ կը գտնենք Աստուծոյ եւ Մարդու ճշմարտութիւնը։ Ան մեզի կ՛օգնէ յաղթահարելու մեր անձնասիրութիւնը ու մեղքը։ Միայն ատելութենէն եւ մեր սրտի կարծրութենէն հրաժարելով է որ մենք կը դառնանք ազատ, եւ նոր կեանք մը կը ծաղկի մեր մէջ։

Եկեղեցին կ՛ապրի ուրիշներու հետ բաժնեկցելու համար իրեն պատկանած միակ ճշմարտութիւնը որ է նոյնինքն Քրիստոսը ՝՝Յոյս եւ Ուրախութիւն՝՝։ Այս պարտականութիւնը յառաջ տանելու համար հարկաւոր է ունենալ կրօնական ազատութիւնը որ հաւատքի ազատ արտայայտութեան կարելիութիւնն է որ իր հետ կը բերէ սիրոյ, ներումի ու խաղաղութեան պատգամը զոր Յիսուս պարգեւեց աշխարհին։

Սրբազան Հայրը հուսկ հաստատեց թէ Կրօնի Ազատութեան իրաւունքը ըլլայ անձնական, ըլլայ հասարակական իր տարողութեմաբ կը յայտնէ մարդ արարածի միութիւնը որ միաժամանակ՝ քաղաքացի է եւ հաւատացեալ։ Եւ այս ուղղութեամբ հաւատացեալի իրաւունքը ու պարտականութիւնն է դրական կերպով օժանդակել ու կերտել ընկերութիւնը։ Սրբազան Քահանայապետը յիշեց Հավանայի հռչակաւոր զաւակը ֆէլիքս Վարէլա Քահանային օրինակը որ եղած է դաստիարակ եւ վարդապետ, որ ներկայացուցած է ընկերութեան յեղաշրջումի նախագիծը << առաքինի մարդիկ կազմել, կերտելու համար արժանաւոր ու ազատ հայրենիք մը, որով այս յեղաշրջումը կախում ունի մարդու հոգեւոր կեանքէն։

Խօսքը եզրափակելով Սրբազան Քահանայապետը ըսաւ ՝՝ Գուպան եւ աշխարհը պէտք ունին փոփոխութիւններու, որոնք կարելի կ՛ըլլան այն ատեն երբ իւրաքանչիւր անհատ ի վիճակի կ՝ըլլայ հարցադրելու ճշմարտութեան մասին եւ ընտրելու սիրոյ ճանապարհը՝ սերմանելով եղբայրութիւն եւ համերաշխութիւն ։








All the contents on this site are copyrighted ©.