2012-03-28 14:17:20

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Լա Հապանայի Մէջ Մատուցած Պատարագով Կ՛եզրափակէ Մէքսիքօ Եւ Գուպա Կատարած Առաքելական Արդիւնաբեր Ճամբորդութիւնը։


RealAudioMP3 Չորեքշաբթի 28 մարտին, Լա Հապանա Բլասա Տէ Լա Ռէվոլուսիոն <<Խոսէ Մարթի>> հրապարակին վրայ մատուցուած բացօթեայ Սուրբ Պատարագով վերջ գտաւ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Մէսսիքօ եւ Գուպա կատարած առաքելական ճամբորդութիւնը։

Չորեքշաբթի 28 մարտի առաւօտեան տեղական ժամով ժամը 9ին (իտալիոյ ժամով ժամը 16ին) Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Բլասա Տէ Լա Րէվոլուսիոն <<Խոսէ Մարթի>> հրապարակին վրայ նախագահեց Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը` Կարտինալական եւ եպիսկոպոսական դասի մասնակցութեամբ ու 300 հազարէ աւելի հաւատացեալներու ներկայութեամբ։

Պատարագի սկիզբը ողջոյնի խօսքը արտասանեց Լա Հապանայի Արքեպիսկոպոս Կարտինալ Ճէյմ Լուգաս Օրթէկան որ Սրբազան Քահանայապետին շնորհակալութիւն յայտնեց իր հայրական խնամքին եւ հոգատարութեանը համար։
Սուրբ Պատարագի ընթացքին իր արտասանած ճառին մէջ Սրբազան Հայրը իր կարգին շնորհակալութեան խօսք ուղղեց Կարտինալ Օրթէկային ու բոլոր անոնց որոնք համագործակցեցան հովուական այս այցելութեան յաջող ելքին համար։

Սուրբ Պատարագի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը վերադարձաւ Առաքեալական Դեսպանատուն ուր իրեն ընկերակցող Պատուիրակութեան հետ բաժնեկցեցաւ եղբայրական ակափը։


Վերադարձ Դէպի Հռոմ։
Չորեքշաբթի 28 մարտի յետ միջօրէի ժամը 16ին հրաժեշտ առնելով առաքելական դեսպանատունէն Նորին Սրբութիւնը Քահանայապետական յատուկ իքնաշարժով կ՛ ուղղուի Լա Հապանայի Խոսէ Մարթի օդակայանը։ Պողոտաներուեւ ճամբաներու երկայնքին ոտքի կեցած հաւատացեալներու հոծ բազմութիւնը, (ինչպէս միշտ), կ՛ընկերանայ Անոր ուղեւորութեան ծափողջոյններով եւ ուրախ աղաղակներով։

Խօսէ Մարթի օդակայանի մէջ նախատեսուած է Հրաժեշտի Արարողութիւնը որուն կը մասնակցին Քաղաքական իշխանութիւններ` Դիւանագիտական Մարմնի անդամներ`Գուպայի Եպիկոպոսներ` եւ հաւատացեալներու հոծ մէկ խումբ մը։
Սրբազան Քահանայապետը առանձնական հակիրճ հանդիպում մը կ՛ունենայ Նախագահ Ռաուլ Գասդրոյի հետ որմէ ետք սկիզբ կ՛առնէ պաշտօնական արարողութիւնը։ Նախագահ Ռաուլ Գասդրոյի արտասանած ողջերթի ճառէն ետք Նորին Սրբութիւնը կ՛արտասանէ իր հրաժեշտի եզրափակիչ Ճառը ու ողջունելէ ետք պատկան իշխանութիւնները կը բարձրանայ օդանաւ ու իր պատուիրակութեան անդամներուն հետ միասին թռիչք կ՛առնէ դէպի յաւիտեանական քաղաք, ուր կը ժամանէ Հինգշաբթի առաւօտեան իտալիոյ ժամով ժամը 10.15 անց։

Այսպէս վերջ կը գտնէ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը միջազգային 23րդ Առաքեալական Ճամբորդութիւնը որ զինք առաջնորդեց Լատին Ամերկեան երկիրներ իրենց հաւատքին մէջ հաստատելու իր եղբայրակիցները եւ անոնց տանելու Յիսուսի սիրոյ եւ յոյսի պատգամը։








All the contents on this site are copyrighted ©.