2012-03-27 13:51:27

"Վիրճէն Տէ Լա Գարիտատ Տի Էլ Գոպրէ" Գուպայի Մարեմեան Սրբավայրը.


RealAudioMP3 ՝՝Վիրճէն Տէ Լա Գարիտատ Տի Էլ Գոպրէ՝՝ Մարեմեան Սրբավայրի պատմութիւնը սերտօրէն կապուած է Գուպայի ընկերային ու քաղաքական իրադարձութիւններուն հետ։ Ամէն ինչ սկիզբ կ՝առնէ 1606-ին, երբ 3 ձկնորսներ Կղզեախումբի հիւսիս արեւելեան կողմը Պահիա Տէ Նիբէ կոչուած շրջանի ջուրերուն վրայ ծփացող տախտակէ Արբանկար մը կը նշմարեն, որուն վրայ փորագրուած էր հետեւեալ նախադասութիւնը <<Ես Ողորմութեան Տիրամայրն Եմ>>։
Սրբանկարը կը փոխադրուի Էլ Գոպրէ շրջանի պղինձի հանքավայրը, ուր 1684ին կը կառուցուի Մարեմեան առաջին Սրբավայրը։ 1801-ին նոյն Սրբավայրին մէջ կը կարդանք << Էլ Գոպրէի Հանքերէն Գերիներու Ազատութեան Յայտարարագիրը>>։

1868ին ստրուկութեան վերացման եւ Գուպայի անկախութեան պաշտպան Գարլոս Մանուէլ Տէ Սէսպէտէսը ուխտագնացութիւն կը կատարէ Էլ Գոպրէի Սրբավայրը ուր Տիրամօր Սրբանկարին առջեւ կ՛աղօթէ Գուպայի անկախութեան համար։ 12 Յուլիս 1898ին Սրբավայրին մէջ կը մատուցուի Գոհունակութեան Սուրբ Պատարագ որպէս շնորհակալութիւն Գուպայի Ազատութեան համար։
10 Մայիս 1916ին, Երջանկայիշատակ Պենետիկտոս ԺԵ. Քահանայապետը << Վիրճէն Տէ Լա Գարիտատը>> կը հռչակէ Գուպայի Պաշտպան Սուրբը ։ 1927-ի սեպտեմբեր 8ին կը կատարուի սոյն Սրբավայրի բացումը։ 1952-ին Տիրամօր Սրբանկարը ուխտագնացութեամբ կը շրջի Կղզիի բոլոր վայրերը որպէս ՝՝հաւատքի եւ յոյսի պատգամ՝՝։
30 հեկտեմբեր 1977ին Երջանկայիշատակ Պօղոս Զ Սրբազան Քահանայապետը ՝՝Էլ Գոպրէ՝՝ Սրբավայրին կը շնորհէ ՝՝Փոքր Պազիլիքայի՝՝ տիտղոսը։








All the contents on this site are copyrighted ©.