2012-03-27 19:33:10

Հակիրճ Տեղեկութիւններ Պենետիկտիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Հովուական Ճամբորդութեան Ընթացքին Այցելած՝ Վայրերուն Մասին։


RealAudioMP3
Գուպայի Մայրաքաղաքը՝ Հավանա։
Հավանան՝ կամ Հապանան, հիմնուած է 1514-ին՝ Տիէկօ Վելազքէզի կողմէ, կղզիին հիւսիս արեւմտեան կողմը, Սպանիոյ կողմէ Մեսսիքոյի եւ Փերուի գրաւումով ան կը դառնայ ամենակարեւոր նաւահանգիստը Ամերիկայի։ 1607-ին Հապանան դարձաւ Գուպայի մայրաքաղաքը, ան նաեւ՝ ամենամեծ քաղաքն Գարայիպեան կղզեախումբին, բնակչութեան թիւը աւելի քան 2 միլիոն է Գուպայի բնակչութեան 5 առ հարիւրը։ Երկրին քաղաքական կեանքի կեդրոն ըլլալէ զատ, Հապանան ունի նաեւ բազմաթիւ գործատուներ, որ պատճառ կը դառնայ օդի ապականութեան, առանց մոռնալու նաեւ աղբերու վերածումի անյարմար կերպը որ ոչ միայն օդը կ՝ապականէ այլեւ ըմպելի ջուրի անբաւարարութեան պատճառ կը հանդիսանայ։ Բնակչութեան գրեթէ կէսը աղքատ ու գէշ պայմաններու մէջ կ՝ապրի, եւ ամէն տարի շուրջ 300 շէնքեր ու կառուցուածքներ կը քանդուին։
Հավանայի եկեղեցիները- Հավանայի եկեղեցիներէն յիշենք Վարդարանի Տիրամօր եկեղեցին, հին քաղաքին մէջ կառուցուած՝ 1720-ին, անոր խորանը ոսկեզօծ կարմրափայտէ է. կայ նաեւ՝ Վերոնէզէի իւղանկարը։ Էլ Թէմբլէթ մատուռը կառուցուած է 1828-ին, եկեղեցիներէն յիշենք Ասսիզացի Ս ֆրանչիսքոսի եւ Սրբուհի Գլարայի եկեղեցիները, Ս Հոգւոյն նուիրուած եկեղեցին որ ամենահին եկեղեցին է Հապանայի, Գթութեան Տիրամօր նուիրուած եկեղեցին, ինչպէս նաեւ Պահապան Հրեշտակի եկեղեցին, ուր բազմաթիւ մեծ անձնաւորութիւններ կ՝այցելեն ամէն տարի ։
Հապանայի Ս. Քրիստոպալ արքեպիսկոպոսական թեմը- Հապանայի Ս. Քրիստոպալ արքեպիսկոպոսական թեմը հաստատուած է 10 Սեպտեմբեր 1878-ին, շուրջ 4 միլիոն բնակիչներու 72 առ հարիւրը կաթողիկէ են։ կան 109 ժողովրդապետութիւններ, թեմական քահանաներու թիւը 44 է իսկ կրօնաւոր քահանաներունը՝ 101։ Կրօնաւորները կը հաշուեն 135 հոգի, իսկ կրօնաւորուհիները՝ 265։ Նորընծայարաններու մէջ քահանայութեան կը պատրաստուին 15 հոգի։ 24 մնայուն սարկաւագներ կը գործեն ժողովրդապետութիւններու մէջ , կան երկու դաստիարակչական եւ 6 բարեգործական հաստատութիւններ։ Վերջին տարուան ընթացքին Մկրտութեան խորհուրդը ստացան 21.332 հոգի։
Ս. Քրիստոպալի արքեպիսկոպոսն է Կարտինալ Ճէմս Լուքաս Օրթէկա Ի Ալամինօ-ն, ծնած 1936-ին Մաթանցասի Խակուէյ Կրանտէի մէջ, կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած՝ 2 օգոստոս 1964-ին, եպիսկոպոս օծուած 4 ապրիլ 1979-ին, երջանկայիշատակ ՅՊԲ կու տայ անոր կարտինալական աստիճանը 26 Նոյեմբեր 1994-ին։








All the contents on this site are copyrighted ©.