2012-03-27 13:52:28

Ինչ Գրեցին Մեսսիքոյի Թերթերը Սրբազան Հօր Մեսսքիօ Այցելութեան Մասին։


RealAudioMP3 ՐԷֆՕՐՄԱ Թերթը իր առաջին էջի վրայ տեղ կուտայ այս այցելութեան քաղաքական բովանդակութեան սա խորագիրով ՝՝ Պապին քաղաքական Հրաշքը՝՝ ։ Իսկ Ներքին էջերուն մէջ կը կարդանք հետեւեալ տիտղոսները ՝՝Ռացինկէր կոչ կ՝ընէ արծարծելու հաւատքը՝՝, ՝՝Պապական այցելութիւնը զարկ կրօնական ազատութեան՝՝, Եւ ՝՝Մեսսիքոն սրտիս մէջ՝՝ մէկ արտայայտութիւնը Նորին Սրբութեան։

ԷԼ ՀԵՐԱԼՏՕ
Առաջին էջի վրայ կը դնէ Քրիստոս Թագաւորի հսկայ Արձանի գիշերային մէկ նկարը, ընդգծելով Մեսսիքոյի կաթողիկէութեան այս խորհրդանիշի նոր լուսաւորումը,որ առաջին անգամ ըլլալով լոյս սփռեց Սրբազան Քահանայապետի գլխաւորած արարողութեան ընթացքին։ Ապա թերթը կ՝անդրադառնայ Սրբազան Հօր ժառանգաւորներուն ու քահանաներուն ուղղած ազդարարութիւնը,այն է ՝՝հսկել անպատեհ վարմունքները ՝՝։

ԷԼ ՈՒՆԻՎԵՐՍԱԼ թերթը առաջին էջի վրայ կ՝անդրադառնայ Սրբազան Հօր կոչին ուղղուած Մեսսիքոյին ու Երկրի քաղաքագէնտերուն ՝՝ Յայթահարել Հարցերը՝՝ ։

Իսկ ԳՕՐՐԷՕ Թերթը իր յաւելուած յատուկ պրակովը նուիրուած Քահանայապետի այցելութեան կը գրէ ՝՝ Պապը համախմբեց 650հազար հաւատացեալներ՝՝ ։

Հուսկ ԼԱ ԲՐԵՆՍԱ Թերթը ինը սիւնակներով եւ կարմիր գոյնով, մեծատառ կը խորագրէ ՝՝GRACIAS՝՝ այսինքն ՝՝ Շնորհակալութիւններ՝՝ տեղ տալով նաեւ Սրբազան Հօր մէկ նկարին, յորում Նորին Սրբութիւնը կը կրէ Մեսսիքացիներու աւանդկան գլխարկը ։








All the contents on this site are copyrighted ©.