2012-03-26 17:56:16

Սրբազան Քահանայապետի Մէքսիքոէն Հրաժեշտի Ճառր


RealAudioMP3 Երկուշաբթի 26 Մարտի առաւօտեան ժամը 8ին (Իտալիոյ ժամով 16ին) Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը հրաժեշտ առաւ Մէքսիքոյէն եւ ուղղուեցաւ, դէպի իր 23րդ առաքելական ճամբորդութեան երկրորդ հանգրուանը` Գուպա։
Մէքսիքոյի մէջ երեք օր կեցութեան ընթացքին, Նորին Սրբութիւնը կարողացաւ թափանցել Մէքսիքացիներու սրտերուն մէջ, ու խօսիլ անոնց հետ բաժնեկցելով անոնց ցաւերն ու մտահոգութիւնները։

Կուանախուաթոյի օդակայանի մէջ արտասանած Հրաժեշտի ճառին ընթացքին Սրբազան Հայրը ուզեց մատնանշել թէ <<հակիրճ այցելութիւնը վերջ կը գտնէ բայց ոչ իմ գուրգուրանքս եւ մօտիկութիւնս երկրի մը որ սրտիս խորքին մէջ կը կրեմ։ >> Նորին Սրբութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն ցուցաբերուած ջերմ ընդունելութեան համար որ <<անմոռանալի յիշատակներ կը մնան>>։ Շնորհակալ եղաւ նաեւ բոլոր անոնց որոնք աշխատեցան այս ճամբորդութիւնը իրականացնելու համար։

Յիսուս Քրիստոսի սիրոյ դիմաց որ զգալի է ձեր սրտերուն եւ ձեր դէմքերուն ընդմէջէն կ՛ուզեմ Մէքսիքացի Ժողովուրդին նորոգել իմ հրաւէրս, ըլլալու` հաւատարիմ, իրենք զիրենք եւ չվախանալու չարութեան զօրքերէն այլ քաջութեամբ գործեն որպէսզի իրենց քրիստոնէական արմատներու սնունդը ծաղկեցնէ իրենց ներկան ու իրենց ապագան։

Ականատես եղայ երկրի կեանքի մտահոգիչ շատ մը իրողութիւններուն որ կը շարունակեն շատ արցունքներ յառաջացնել։ Զանոնք կը տանիմ իմ հետս ձեր հետ բաժնեկցելով ըլլայ ուրախութիւնները եւ ըլլայ իմ Մէքսիքացի եղբայրակիցներուս ցաւերը, զանոնք նուիրելով Քրիստոսի խաչին ուրտեղէն կը հոսի փրակարար ջուրն ու արիւնը։ Այս կացութեան մէջ կը խրախուսեմ Մէքսիքացի Կաթողիկէները եւ բոլոր բարի կամք ունեցող մարդիկը չհամակերպելու առարկայական մտածողութեան որ տկարներն ու անպաշտպանները զոհ կը դարձնէ։ Բոլորը կը հրաւիրեմ յայտնաբերելու զօրակցութիւն որ խթան հանդիսանայ ընկերութեան նորոգումին` իր արմատներէն, եւ ապահովցնէ արժանավայել` արդար եւ խաղաղ կեանք մը բոլորին։
Սիրելի Մէքսիքացի Բարեկամներ -ըսաւ Նորին Սրբութիւնը խօսքը եզրափակելով - ձեզի կ՛ըսեմ Մնաք Բարով, մնացէք միշտ Քրիստոսի սիրոյն մէջ։Թող Տէրը ձեզ օրհնէ եւ Սուրբ Կոյս Մարիամը ձեզի ըլլայ պահապան։








All the contents on this site are copyrighted ©.