2012-03-26 10:15:00

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Քարոզը Երեկոյեան Ժամասացութեան, Որուն Մասնակցած Են Լատին Ամերիկայի Եպիսկոպոսները։


RealAudioMP3 Կիրակի 25 մարտի երեկոյեան, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Լէոն թեմի աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ գլխաւորեց երեկոյեան ժամասացութիւնը մասնակցութեամբ Լատին Ամերիկայի եպիսկոպոսներուն։
Աթոռանիստ եկեղեցին նուիրուած է Լոյսի Տիրամօր, որ աջ բազուկի մէջ իր միածին Որդին բռնած է, իսկ եկրորդ ձեռքը երկնցուցած օգնութեան հասնելու մեղաւորներուն։ Այս նկարը յոյսի խորհրդանիշն է։
Մեկնաբանելով երեկոյեան ժամասացութեան ս. Գրային ընթերցումները, Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. Երուսաղէմի բնակիչները չուզեցին Յիսուս Քրիստոսը ճանչնալ, զայն մահուան դատապարտեցին եւ այդ կատարելով իրականացուցին մարգարէութիւնները։ Մարդոց վայրագութիւնն ու տգիտութիւնը սակայն չկարողացան կեցնել Աստուածային փրկութեան ծրագիրը` փրկչագործութիւնը։ Չարին զօրութիւնը սահմանափակ է։
Ապա Սրբազան Հայրը հրաւիրեց ներկաները որ չհամակերպին չարին կամայականութեան ու տիրապետութեան, այլ ինչպէս սաղմոսերգուն կ՝ըսէ Տէրը կը փոխէ վէմը ջուրերու վտակի, եւ ապառաժը` աղբերակներու։ Այս է գործը Տիրոջ, սքանչելելիք` մեր աչքերուն առջեւ։ Հետեւաբար ըսաւ Սրբազան Հայրը, պատճառ մը չունինք վհատելու ու չարին յանձնուելու։ Յարուցեալ Տէրը կը դրսեւորէ իր զօրութիւնը մեր տկարութիւններու ու պակասութիւններուն ընդմէջէն։
Քրիստոսի Եկեղեցին որ Մեքսիքոյի մէջ է ու Լատին Ամերիկայի զանազան թեմերու մէջ կը քարոզէ Աւետարանը որպէսզի Քրիստոսը միշտ աւելի ճանչցուի ու սիրուի բնակիչներէն։ Կաթողիկէ եկեղեցին դրոշմեց այս հողին ու ցամաքամասին կեանքն ու պատմութիւնը, թող Քրիստոսի անունը միշտ աւելի փառաւորուի, բացականչեց Սրբազան Քահանայապետը, ներկաներուն յշեցնելով որ ընդհանրական եկեղեցին կը պատրաստուի տօնախմբելու հաւատքի տարին։ Թող այս նախաձեռնութիւնը խթան մը ըլլայ ամէն քրիստոնեայ հաւատացեալին համար խորացնելու եւ ամրապնդելու իր հաւատքը ու զայն ներկայ դարձնելու իր շրջապատէն ներս ըլլայ խօսքով եւ ըլլայ կեանքի ապրումով։








All the contents on this site are copyrighted ©.