2012-03-26 12:43:46

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Հրաժեշտ կ՛առնէ Մէքսիքոյէն Եւ կ՛ուղղուի Գուպա։


RealAudioMP3 Երկուշաբթի 26 Մարտին Մէքսիքոյի տեղական ժամով առաւօտեան ժամը 8 ին (իտալիոյ ժամով 16.00) Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայպետը հրաժեշտ առաւ Լէոնի Միրաֆլորէս վարժարանէն եւ ուղղաթիռով փոխադրուեցաւ Կուանախուաթոյի օդակայանը, ուր տեղի ունեցաւ հրաժեշտի պաշտօնական արարողութիւնը, քաղաքական բարձրաստիճան իշխանութիւններու, Մէքսիքացի մի քանի եպիսկոպոսներու եւ հաւատացեալներու ներկայութեամբ։
Հրաժեշտի արարողութեան սկիզբը, ողջերթի խօսք արտասանեց Մէքսիքոյի Հանրապետութեան նախագահ` ֆէլիբ Գալտէրոն։ Հուսկ Նորին Սրբութիւնը արտասանեց հրաժեշտի ճառը։
Արարողութեան աւարտին Սրբազան Հայրն ու Հանրապետութեան նախագահը ունեցան առանձնական հակիրճ հանդիպում որմէ ետք Պենետիկտոս ԺԶ Իտալական Ալիթալիա ընկերութեան թռիչքով մեկնեցաւ Մէքսիքոյի Կուանախուաթոյի օդակայանէն եւ ուղղուեցաւ Գուպա, շարունակելով Լատին Ամերիկեան երկիրներուն, իր Յոյսի եւ Սիրոյ ուխտաւորութիւնը ։ Նշենք որ Գուպան կը հանդիսանայ Սրբազան Քահանայապետին այցելած 23րդ միջազգային երկիրը։

Սանդիակօ Տէ Գուպա
Շուրջ 3 ժամ տեւողութեամբ թռիչքէ ետք Սրբազան Քահանայապետի սաւառնակը Սանդիակօ Տէ Գուպա միջազգային օդակայան կը ժամանէ տեղական ժամով 14ին (իտալիա 21ին)։ Նորին Սրբութիւնը կը դիմաւորեն Գուպայի նախագահ Ռաուլ Գասդրոն, Սանդիակօ Տէ Գուպայի Արքեպիսկոպոս գերապայծառ Տիոնիզիօ Կիլիէրմօ Կարսիա Իպանէզը ու այլ քաղաքական եւ եկեղեցական իշխանութիւններ։
Սանդիակօ Տէ Գուպան 400 բնակչութիւն ունեցող քաղաք մըն է եւ Լա Հապանայէն ետք երկրին երկրորդ կարեւոր քաղաքներէն մին է։ Հիմնուած է 1514 Տիէկօ Վէլազքէզի կողմէ եւ 1515 մինչեւ 1607 եղած է Գուպայի մայրաքաղաքը։
Սանդիակօ Տէ Գուպայի Արքեպիսկոպոսութիւնը հիմնուած է 1803 ին երջանկայիշատակ Պիոս Զ Քահանայապետի կողմէ։ 6.043 քմ տարածքի վրայ 1.050.000 բնակչութեան 24 առ հարիւրը կաթողիկէ են։ 16 ժողովրդապետութիւններու եւ 18 միսիոնարական կառոյցներու մէջ կը գործեն 36 քահանաներ։ Սանդիակօ Տէ Գուպայի Արքեպիսկոպոսն է Գերապայծառ Տիոնիզիօ Կիլիէրմօ Կարսիա Իպանէզը ծնած` 1945 Կուանթանամոյի մէջ, քահանայ ձեռնադրուած 1985-ին եւ Եպիսկոպոսական օծումը ստացած 1996-ին։ 2007էն ի վեր կը վարէ Սանդիակօ Տէ Գուպայի Արքեպիսկոպոսութիւնը։

Բարի Գալուստի Արարողութիւնը
Սանդիակօ Տէ Գուպա Օդակայանը ժամանելուն, Նորին Սրբութեան ի պատիւ տեղի կ՛ունենայ Բարի Գալուստի Պաշտօնական արարողութիւն, մասնակցութեամբ` պետական, քաղաքական, եւ եկեղեցական բարձարստիճան իշխանութիւններուն։ Բարի Գալուստի Խօսքը կ՛արտասանէ Հանրապետութեան նախագահ Ռաուլ Գասդրոն որմէ ետք Սրբազան Հայրը իր Ճառը կ՛արտասանէ: Հուսկ տեղի կ՛ունենայ պատուիրակութիւններու ներկայացում։Գուպայի Նախագահին հետ հակիրճ առանձնական հանդիպում մը ունենալէ ետք, Սրբազան Քահանայապետը իր շքախումբով կ՛ուղղուի Գուպայի Արքեպիսկոպոսարան ուր կը ժամանէ տեղական ժամով 15.15 անց (իտալիայ 22.15ին)։


Գուպա Վիրճէն Տէ Լա Գարիտատի Արձանի գիւտի 400 Ամեակի Առիթով Սուրբ Պատարագ
Երկուշաբթի 26 Մարտի Յետ միջօրէի ժամը 17ին Քահանայապետական յատուկ իքնաշարժով Նորին Սրբութիւնը կ՛ուղղուի Սանդիակօ Տէ Գուպայի Բլազա Անթոնիօ Մաչէօ հրապարակը ուր նախատեսուած է Վիրճէն Տէ Լա Գարիտատի արձանի գիւտի 400 ամեակի առիթով բացօթեայ Սուրբ Պատարագը։ Բլազա Անթոնիօ Մաչէօ հրապարակը կը կրէ Գուպայի ընդդիմութեան պայքարի հերոսի մը անունը եւ կրնայ մինչեւ 200 հազար անց ընդգրկել։
Սուրբ Պատարագէն առաջ Վիրճէն Տէ Լա Գարիտատի տախտակէ արձանի իսկական օրինակը թափորով կը զետեղուի Հրապարակի վրայ, հաւատացեալներու ջերմեռանդութեան համար։ Սուրբ պատարագի սկիզբը խօսք կ՛առնէ Սանդիակօ Տէ Գուպայի Արքեպիսկոպոսը որ Բարի Գալուստի ողջոյնի խօսք կ՛ուղղէ Սրբազան Քահանայապետին։ Ապա տեղի կ՛ունենայ Սուրբ Պատարագը, որուն ընթացքին Նորին Սրբութիւնը քարոզ մը կ՛արտասանէ։ Սուրբ պատարագի աւարտին Սրբազան Հայրը կ՛ուղղուի Սանդիակօ Տէ Գուպայի Սան Պազիլիօ Մանիօ նորընծայարանը ուր կը գիշերէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.