2012-03-26 12:45:07

Հակիրճ Տեղեկութիւններ Պենետիկտիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Հովուական Ճամբորդութեան Ընթացքին Այցելած՝ Վայրերուն Մասին։


Էլ Գոպրէ՝
Էլ Գոպրէ՝ ''Consejo de Poblado'' ժողովրդային խորհուրդը կը գտնուի Սանդիակօ տի Գուպայէն 22 քլմ հեռաւորութեան վրայ, այնտեղ կը յաճախեն մեծ թիւով ուխտաւորներ դէպի աշխարհածանօթ ՜՜ Գոպրէի Շնորհաց Տիրամօր, սրբավայրը, 169 քլմ քառ. տարածութեամբ։
Էլ Գոպրէ-ն՝ հարուստ է պղինձով, հիմնուեցաւ 1599-ին՝ Սպանիոյ թագաւորութեան կամքով, հրամանատարն էր ֆրանչէսքօ Սանչէս տէ Մոյա, որ խիստ վարիչ զինուորական մըն էր, ան նաեւ ի գործ դրաւ շաքարեղէգի արտադրութիւնը։ 1601-ին կառուցուեցաւ առաջին եկեղեցին ուր դրուեցաւ Իլլէսգասէն բերուած ՜՜Nostra Senora Guìa Madre de Dios՝ Տիրամօր նկարը։
1620-ին քաղաքապետութիւն դարձաւ եւ առաջին քաղաքապետը եղաւ Խուան տէ Էկիլուզը։ Այդ շրջանին տեղի ունեցան բախումներ հանքերու մէջ գործող գերիներուն եւ հողատէրերու միջեւ, անկիւնադարձ մը՝ որմէ ետք 1801-ին հանքերու մէջ աշխատողները կրցան տիրանալ ազատութեան եւ հողային իրաւունքներու ։ RealAudioMP3








All the contents on this site are copyrighted ©.