2012-03-26 22:07:20

Երջանկայիշատակ ՅՊԲ Սրբազան Քահանայապետէն 14 Տարի Ետք Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Հասաւ Գուպա։


RealAudioMP3 Երջանկայիշատակ ՅՊԲ Գուպա կատարած պատմական հովուական այցելութենէ 14 տարիներ ետք իր յաջորդը Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Հայրը երկուշաբթի 26 մարտի յետ միջօրէի տեղական ժամով 14.26ին հասաւ Սանդիակօ Տէ Գուպայի միջազգային օդակայան ուր զինք դիմաւորեցին Գուպայի նախագահ Ռաուլ Գասդրոն, Սանդիակօ Տէ Գուապայի Արքեպիսկոպոս գերապայծառ Տիոնիզիօ Կիլիէրմօ Կարսիա Իպանէզ, Պապական Նուիրակ գերապայծառ Պրունօ Մուզարօ ու այլ քաղաքական եւ եկեղեցական իշխանութիւններ, հարիւրաւոր հաւատացեալներու ներկայութեամբ։

Բարի Գալուստի պաշտօնական արարողութիւնը սկիզբ առաւ քայլերգներով եւ 21 թնդանոթի հարուածներով։ Հուսկ տեղի ունեցաւ դրօշի յարգանքի ողջոյն ու ապա բարի գալուստի խօսք արտասանեց Գուպայի Նախագահ` Ռաուլ Գասդրոն։ Սրբազան Քահանայապետի արտասանած ճառէն ետք տեղի ունեցաւ պատուիրակութիւններու ներկայացում։

Իր ճառին մէջ Նորին Սրբութիւնը նախ ողջունեց պատկան իշխանութիւնները ու ապա մատնանշեց երջանկայիշատակ ՅՊԲ-ի 14 տարի առաջ կատարած պատմական այցելութեան որ <<անջնջելի հետք մը թողուց Գուպայի ժողովուրդի սրտերուն մէջ...Կեանք տուաւ Գուպայի եկեղեցւոյ. Շատերուն մէջ արթնցուց հաւատքի կարեւորութեան ըմբռնումը զանոնք քաջալերելով իրենց սրտերը բանալու Քրիստոսին ու միեւնոյն ատեն խթանեց զիրենք յոյսով ու յանդգնութեամբ գործելու աւելի լաւ ապագայի մը համար։ Այդ այցելութեան կարեւոր պտուղներէն մին եղաւ նաեւ Սուրբ Աթոռի եւ Գուպայի միջեւ յարաբերութիւններու նոր ծաւալը աւելի խիտ համագործակցութեան եւ փոխադարձ վստահութեան հոգիով թէեւ տակաւին կը մնան բազմաթիւ երեւոյթներ որոնք յառաջացումի կը կարօտին մասնաւորապէս ընկերութեան հասարակաց կեանքէն ներս կրօնի տուած կարեւոր նպաստը։

Սրբազան Հայրը հուսկ նշեց Վիրճէն Տէ լա Գարիտատ էլ Գոպրէի սրբապատկերի գիւտին 400րդ ամեակի յոբելեանը որ ներկայ է -ըսաւ Ան - շատ մը Գուպացիներու անձնական կեանքին մէջ որպէս իսկական մայր մը Գուպայի համայն ժողովուրդին ։ Սրբազան Հայրը ապա յայտնեց թէ ուրիշ ուխատաւորներու հետքերուն հետեւելով ինք եւս կ՛ուզէ ուխտագնացութիւն կատարել Էլ Գոպրէի սրբավայրը եւ ծունկի գալով անոր ոտքերուն առջեւ շնորհակալութիւն յայտնել բոլոր այն միջամտութիւններուն որ կատարեց Գուպայի զաւակներուն ի նպաստ խնդրելով անոր բարեխօսութիւնը որպէսզի ուղղէ Գուպայի կեանքը արդարութեան, խաղաղութեան, ազատութեան եւ ներումի ճանապարհի վրայ։

Գուպա կու գամ որպէս սիրոյ Պատգամաւոր իմ եղբայարկիցներս հաստատելու իրենց հաւատքին մէջ ու զիրենք քաջալերելու յոյսի ճանապարհով որ կը փխի Աստուծոյ սիրոյ ներկայութենէն մեր կեանքէն ներս։ Իմ սրտիս մէջ ունիմ Գուպայի համայն ժողովուրդի ձգտումները ու անոնց արդար տենչերը ուր որ ալ գտնուին, անոնց ցաւերն ու ուրախութիւնը, անոնց մտահոգութիւնները եւ անոնց ազնիւ իղձերը, նա մանաւանդ երիտասարդներունը` ծերունիներունը` մանուկներունը` հիւանդներունը, աշխատաւորներունը, բանտարկեալներունը ու անոնց ընտանեկան պարագաներունը, այնպէս ինչպէս աղքատներունը եւ կարօտեաներունը։

Սրբազան Քահնայապետը ապա անդրադարցաւ աշխարհի մէջ տիրող տնտեսական տագնապին որ շատերը կը վերագրեն նաեւ հոգեւոր եւ բարոյական ճգնաժամի որ մարդը թողուց առանց արժէքներու եւ անպաշտպան այն ուժերու դիմաց որոնք կ՛արհամարեն մարդու եւ ընտանիքներու իսկական բարիքը։

Սիրելի Բարեկամներ - ըսաւ Նորին Սրբութիւնը- վստահ եմ որ Գուպան իր պատմութեան այս կարեւոր հանգրուանի ընթացքին իր նայուածքը յղած է ապագային եւ այս ուղղութեամբ է որ կը նորոգէ իր հորիզոնները։ Եկեղեցին իր կարգին իր հովուական առաքելութեամբ գիտցաւ մշտատեւ յարատեւութեամբ աշխատիլ օժանդակելու համար մարդկային արժէքներուն ի նպաստ եւ այսօր կը նորոգէ իր յանձնառումը աշխատելու համայն Գուպացիներու ի սպաս։

Կ՛աղօթեմ Տիրոջ որ առատութեամբ օրհնէ այս հողը եւ անոր զաւակները մասնաւորապէս անտեսուածները եւ բոլոր մարմինով ու հոգիով տարապողները որպէսզի Էլ Գոպրէի Ողորմութեան Տիրամայրը բոլորին պարգեւէ ապագայ մը լի յոյսով` զօրակցութեամբ եւ համերաշխութեամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.