2012-03-26 17:57:24

Աւետման Տօնին Առթիւ Ամենապատիւ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը Պէյրութի Մարիամու Աւետման Եկեղեցւոյ Մէջ Հանդիսաւոր Ս. Պատարագի Ընթացքին Արտասանած Քարոզը։(25 Մարտ 2012)


Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը իր քարոզին մէջ ըսաւ.
Մարիամի Աւետումը հրեշտակին կողմէ առանցքային դէպք մը եղաւ աշխարհի պատմութեան համար։ Արդարեւ, Մարգարէներէն աւետած Մեսիային գալուստը եւ անոր անձկալի սպասումը հրեայ ժողովուրդին կողմէ պսակուեցաւ Մարիամի՝ «Եղիցի ըստ բանի քում» «Թող ամէն բան ըլլայ ինծի քու խօսքիդ համաձայն» (Ղուկ. 1,38) պատասխանով հրեշտակի աւետիսին՝ որ անոր ըսաւ, թէ ան Աստուծոյ Որդիին մայրը պիտի ըլլայ։
Ամենաբարին Աստուած մարդը ստեղծեց որպէսզի երջանիկ ապրի եւ ժառանգէ յաւիտենական կեանքը։ Բայց մարդը ըմբոստացաւ Աստուծոյ դէմ եւ դրախտէն դուրս դրուեցաւ ։ Սակայն, ոչ ոք կրնայ Աստուծոյ ծրագիրը խախտել։ Ճիշդ է որ Սատանան կը յաջողի պահ մը Աստուծմէ հեռացնել այս կամ այն մարդը, բայց Աստուած իր Միածին Որդին ղրկեց աշխարհ, փրկելու համար ամէն մարդ եւ իր թագաւորութիւնը հաստատելու աստուածավախ բոլոր մարդոց սրտին մէջ։ Եւ Յիսուս, իր յարութեամբը, բացաւ երկնքի դռները արդարներուն առջեւ։ Հայոց պատմութեան մէջ, հազարաւոր նահատակներ ունեցած ենք, որոնք այս ամուր հաւատքով տոգորուած, հետեւեցան Յիսուսի ճանապարհին մինչեւ իրենց կեանքին վերջին օրը։
Ադամի եւ Եւայի սկզբնական մեղքէն ետք Աստուած օձին ըսաւ. «Թշնամութիւն մը պիտի դնեմ քու եւ կնոջ միջեւ, քու սերունդիդ եւ անոր սերունդին միջեւ։ Ան քու գլուխդ պիտի ճզմէ եւ դուն պիտի ջանաս անոր գարշապարը խայթել» (Ծնն. 3,15)։ Արդ կինը, որուն մասին կ՚ակնարկէ Ս. Գիրքը, նոյնինքը Մարիամն է, եւ անոր սերունդը՝ նոյնինքը Յիսուսն է։Առաջին դարերէն ի վեր մեծ բարեպաշտութիւն կար Աստուածամօր հանդէպ կաթողիկէ եւ օրթոտոքս բոլոր ժողովուրդներուն քով։ Այս բարեպաշտական հոգին յատուկ կերպով կը նշմարենք մեր միսթիքական եւ ներբողագիր Ս. Գրիգոր Նարեկացիին մօտ։ Ան իր Մատեան Ողբերգութեան ութսուներորդ Բանին մէջ այսպէս կ՚արտայայտէ Աստուածամօր իր ուղղուած պաղատանքը.

«Քեզ կ՚աղաչեմ Սուրբ Աստուածածին,
Ո՜վ մարդ հրեշտակ եւ մարմնատեսիլ անբիծ քերովբէ,
Երկնքի թագուհի, անխառն՝ ինչպէս օդ, մաքուր՝ ինչպէս լոյս,
Անեղծ՝ երկնաթռիչ արուսեակի պէս,
Անապականութեամբ գերազանց՝ անկոխ սրբութիւններու,
Առատախոստում երանութեան վայր, շնչաւոր Եդեմ,
Բոցեղէն սուրով պաշտպանուած՝ կեանքի անմահութեան ծառ» (Բան Ձ, 5-12)։

Սիրելիներ, որպէս հաւատքի եւ Աստուծոյ կամքին կատարեալ հաճութեան առարկայ դառն՛անք, հետեւի՛նք Սուրբ Կոյս Մարիամին, եւ ան մեզի պիտի ներշնչէ ձեւը լաւ համապատասխանելու Աստուծոյ սիրոյ ծրագիրներուն մեր կեանքին համար Անոր մեր «Եղիցին» ըսելով՝ շուտափոյթ կերպով եւ ուրախ ու սիրալիր սրտով։
Յոյժ սիրելիներ, յաճախ դիմե՛նք մեր երկնաւոր Մօր, ոչ միայն երբ նեղութեան մէջ գտնուինք, այլ Աստուծոյ Մօր դիմե՛նք որդիական եւ երախտագէտ զգացումով, եւ մանաւանդ խնդրելով իրմէ շնորհքը ամէն օր Յիսուսին աւելի մօտենալու, որովհետեւ հոն պիտի գտնենք մեր երջանկութիւնը եւ սրտի խաղաղութիւնը։
Ամենապատիւ հոգեւոր Տէրը Ս. Կոյս Մարիամէն խնդրեց որ խաղաղութիւն պարգեւէ աշխարհին եւ ի մասնաւորի Սուրիոյ ապահովութիւն փնտռող ժողովուրդին։
Տուր մեզի, ո՜վ Սուրբ Կոյս, որ մենք ալ, քեզի նման, կարենանք ճզմել Սատանային գլուխը հաւատարիմ մնալով մեր քրիստոնեայ սկզբունքներուն, եւ քեզի պէս կարենանք Յիսուսը տալ բոլորին, մանաւանդ Յիսուսին սիրոյ կարօտեալներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.