2012-03-26 17:57:39

Ամենապատիւ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պարիարքին Խօսքը Երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ. Գասպարեան Կաթողիկոսի Մահուան Ա. Տարելիցին Առիթով Ակադեմական Յուշահանդէսի Ընթացքին։


Ամենապատիւ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Հոգեւոր Տէրը 24 Մարտին նախագահեց ՀԿՄ ի Արարատեան սրահին մէջ կայացած ակադեմական Յուշահանդէսին, նուիրուած՝ երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ-րդ Գասպարեան Կաթողիկոսի Մահուան Ա. տարելիցին։
Այս առթիւ իր արտասանած խօսքին մէջ ներկաներուն ուղղած իր խօսքին մէջ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը ըսաւ.
Սիրելիներ, Երջանկայիշատակ Գասպարեան Հոգեւոր Տէրը աղօթեց – սերտեց - գործեց եւ ննջեց։
Հետեւեալ չորս բառերով կ՚ուզեմ համառօտել անոր կեանքը։

1. Նախ՝ աղօթեց.Բարեպաշտ Գասպարեան ընտանիքի զաւակ, Ցեղասպանութենէն ճողոպրած՝ Քիլիսէն Եգիպտոս գաղթած, Երիտասարդ Յովհաննէսը սորվեցաւ աղօթել՝ տան մէջ, մօտակայ եկեղեցւոյ մէջ եւ դպրոցին մէջ։
Աղօթքը բացաւ իր աչքերը Աստուծոյ կամքին վրայ, որ զինք կը կոչէր քահանայական եւ նուիրումի կեանքին։ ընդունեցաւ քահանայութեան կարգը , ընտրուեցաւ նաեւ Պաղտատի Արքեպիսկոպոս եւ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Պատրիարք։

2. Ան սերտեց.Բոլոր պատանիներուն նման, ան դպրոց գնաց եւ իր ուսումը շարունակեց Զմմառ, ապա Հռոմ՝ Լեւոնեան Վարժարան, ուր աւարտելէ ետք իմաստասիրութեան եւ աստուածաբանութեան դասընթացքները, մասնագիտացաւ Եկեղեցական կանոնագիտութեան մէջ։ Եւ ամբողջ կեանքը շարունակեց սերտել եկեղեցական եւ ազգային գիրքեր եւ կարդալ յօդուածներ, քանի գիտութիւնը սահման չունի։
3. Նաեւ գործեց. Նախ՝ Զմմառու վանքին փոքր եւ Հռոմի Լեւոնեան վարժարանին մեծ ընծայարաններուն մէջ, որպէս փոխ տեսուչ, ապա Եգիպտոս՝ որպէս ժողովրդապետ ուր հիմնեց եկեղեցական երգչախումբ, Legion de Marie-ի խումբ եւ ոյժ տուաւ մանաւանդ ընտանիքներու այցելութեան։
Իրաք ժամանելով, Պաղտատի բարգաւաճ թեմը ծաղկեցուց։ Հոն սկսաւ կառուցանել Տիրամայր Նարեկի հայոճ Աթոռանիստ Եկեղեցին եւ հոն տեղուայ հաւատացեալներուն համակրանկը շուտով շահեցաւ։
Որպէս Կաթողիկոս Պատրիարք, հովուապետական այցելութիւններ կատարեց մեր համայնքի զանազան թեմերուն, ամէն տեղ սփռելով անոյշ խօսք, քաջալերանք եւ ցուցաբերելով հայրական հոգածութիւն, մանաւանդ կարօտեալներուն հանդէպ։
Իր օրով, հիմնուեցան Փարիզի, Հիւսիսային ու Լատին Ամերիկաներու թեմերը եւ Արեւելեան Եւրոպայի Առաջնորդութիւնը։ Սրբագործեց տասը նորակառոյց եկեղեցիներ աշխարհի չորս կողմ զանազան քաղաքներուն մէջ՝ Մոնրէալ, Մարսէյ, Զալքա, Նիու Ճըրզի, Մելպուռն, Հալէպ, Թորոնթօ, Տէր Զոր, Պոսթըն եւ Պաղտատ։ Ճոխացուց մեր թեմերը եօթը նոր Եպիսկոպոսներով եւ բազմազան քահանաներ ձեռնադրելով։ Կատարեց բազմազան հովուական, կրթական, ազգային, երիտասարդական եւ բարեսիրական գործունէութիւններ։ Ամէն տեղ իր հայրական եւ հովիւի դրոշմը ձգեց իր հայրապետութեան երկարող տասնեօթը տարիներուն ընթացքին։
Երբ հոգերը շատցան ու այլեւս կարող չէր ծանր բեռը տանիլ, խորհեցաւ յանձնել կաթողիկոսական ջահը իր յաջորդին, որ նուաստիս վիճակուեցաւ։
Լուսաւոր ջահը, որ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչէն ժառանգած էր, լաւագոյնս գործածեց լուսաւորելու համար հայ ժողովուրդի զաւակները անխտիր կերպով՝ Ս. Աւետարանի խօսքով, քարոզներով, այցելութիւններ կատարելով, խրախուսելով եւ մխիթարելով։ Գասպարեան Հոգեւոր Տէրը իր հովիւի քաջութեամբ եւ իր զուարթ բնաւորութեամբ լուսաւորեց իր լայն շրջանակը՝ հայ թէ օտար, իր խօսքով, իր գործով եւ մանաւանդ իր բարեգործութիւններով։

Վերջապէս, Հոգեւոր Տէր Գասպարեանը ննջեց.
Զանազան հիւանդութիւններէ տառապեցաւ , լուռ ու մունջ համակերպութեամբ, առանց մարդ խանգարելու կամ իր սրտի խաղաղութիւնը կորսնցնելու։ Վերջին օրերը, առաւելաբար աղօթելով կ՚անցնէր։ Քաջութեամբ ընդունեցաւ հոգեկան եւ ֆիզիքական նեղութիւնները։ Նոյնպէս, անդորրութեամբ ընդունեցաւ բաժնուիլը այս անցողակի աշխարհէն միանալու համար առ յաւէտ իր նախորդներուն եւ զինք կանխողներուն հետ, երկնքի արքայութիւնը վայելելու համար։ Իր յիշատակը միշտ անոյշ ու վառ պիտի մնայ զինք ճանչցողներուն մօտ. ապահով եմ։
Հանգուցեալ Գասպարեան Հոգեւոր Տիրոջ համար կը վայելէ մխիթարական սա խօսքը՝
Յիշատակ արդարոց օրհնութեամբ եղիցի։
Այսպէս եզրափակեց Ամենապատիւ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոսը իր խօսքը, հանգուցեալ կաթողիկոսին նուիրուած ակադեմական յուշահանդէսին առթիւ։








All the contents on this site are copyrighted ©.