2012-03-25 13:33:40

Սրբազան Քահանայապետի Պատգամին Կեդրոնական Նիւթն է Յոյսը


Մէքսիքոյի Առաքելական Ճամբորդութեան ընթացքին Նորին Սրբութիւնը իր ճառերուն մէջ կ՛անդրադառնայ երկրի մէջ տիրող բռնութիւններուն, կրօնի ազատութեան եւ մարդու արժանապատութեան յարգանքի մասին։ Արդարութիւնը, ազատութիւնը, գաղթականութիւնը եւ կրօնի ազատութիւնը եղած են Սրբազան Հօր ճառերու կեդրոնական նիւթերը որոնց շարքին սակայն կարեւորգոյն տեղը կը գրաւէ յոյսը հաստատած է Վատիկանի բանբեր Հայր ֆետերիքօ Լոմպարին մամլոյ հետ ունեցած իր ելոյթի ընթացքին։ Սրբազան Հայրը անմիջական լուծումներ չ՛ունի տալիք սակայն ունի յոյսի եւ սիրոյ պատգամ մը որոնք հիմը կռնան հանդիսանալ խաղաղ եւ համերաշխ ապագայի մը - աւելցուցած է ան։








All the contents on this site are copyrighted ©.