2012-03-25 19:54:48

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Կիրակնօրեայ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան Աղօթքը


RealAudioMP3 Մէքսիքոյի առաքելական ճամբորդութեան ընթացքին տեղական ժամով 12ին Երկուհարիւրամեայ Զբօսայգիի անուան տարածքի վրայ մատուցած Սուրբ Պատարագի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը նոյն վայրէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը։
Նորին Սրբութիւնը նախ անդրադարձաւ օրուան Սուրբ Գրային ընթերցումին ուր կը խօսուի մանանեխի հատիկին մասին։ Հուսկ խօսեցաւ Աստուածամօր մասին յատուկէն նշելով <<միշտ սուրբ կոյս Կուատալուբի Տիրամայրը>> ու յիշեցնելով թէ Տիրամօր հանդէպ ջեռմերանդութիւնը մեզ կը մօտեցնէ Յիսուսին։
Այս պահերուն երբ շատ մը ընտանիքնր ստիպուած են գաղթելու եւ շատ մը ուրիշներ կը տարապին աղքատութենէ, կաշառակերութենէ, տնային բռնութիւններէ, թմրանիւթի վաճառքի հետեւանքներէ, եւ արժէքներու ճգնաժամային կացութենէ դիմենք Մարիամին փնտռելով մխիթարանք` ուժ եւ յոյս։ Ճշմարիտ Աստուծոյ Մայրն է Ան որ կը հրաւիրէ մեզ իր հովանիին տակ հաւատքով եւ սիրով ապրելու յաղթահարելու համար ամէն չարիքները եւ կերտելու աւելի արդար եւ զօրակից հասարակութիւն մը։
Այս զգացումներով կ՛ուզեմ Կուատալուբի Տիրամօր անուշ նայուածքին տակ դնել այս երկիրը ու համայն Լատին Ամերիկայի եւ Գարայիպեան երկինրերը։ Կը յայցեմ որ անոր ներկայութիւնը շարունակէ խրախուսել հարգանքի, կեանքի պաշտպանութեան եւ եղբաղրութեան հաստատումը հերացնելով ատելութեան զգացումները։ Կուատալուբի Սրբուհի Մարիամը մեզ օրհնէ եւ բարեխօսէ մեզի համար որպէսզի առատ շնորհքներ ընդունինք երկինքէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.