2012-03-25 19:28:48

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Երկուհարիւրամեակի Զբօսայգիին Մէջ Սուրբ Պատարագի Քարոզը


RealAudioMP3 Մէքսիքոյի ՜՜Parco del Bicentenario՝՝ Երկուհարիւրամեակի Զբօսայգիի տարածքի վրայ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը մատույց Սուրբ պատարագի արարողութիւնը մասնակցութեամբ 250 Կարտինալ ու Եպիսկոպոսներու, ու նաեւ Լատին Ամերիկայի եւ Գարայիպի Եպիսկոպոսաց Համահաւաք դասերու 22 նախագահներուն ու շուրջ 3 հազար Քահանաներու, ներկայութեամբ երկրին 92 թեմերէն հոն ժամանած տասնեակ հազարաւոր (կէս միլիոն) հաւատացեալներուն որոնք մեծ ուրախութեամբ եւ հրճուանքով ընդունեցին Նորին Սրբութիւնը որ <<Քահանայապետական յատուկ ինքնաշարժով>> շրջեցաւ անոնց միջեւ մինչ երգչախումբը կը ներակայցներ <<խաղաղութեան` յոյսի եւ սիրոյ պատգամաւոր>> Սրբազան Քահանայապետի առաքելական այցելութեան առթիւ յօրինուած երգեցողութիւնը։


Գերապայծառ Խօսէ Մարթին Ռապակոյի Բարի Գալուստի Խօսքը
Սուրբ Պատարագի սկիզբը խօսք առաւ Լէոնի Արքեպիսկոպոս` գերապայծառ Խօսէ Մարթին Ռապակոն որ շնորհակալական խօսք ուղղեց Սուրբ Պետրոսի յաջորդին ըսելով <<Ձեր այցելութիւնը մեծ շնորհք մըն է մեզի համար։ Դուք եկաք որպէս <<բարի աւետիսի>> պատգամաւոր որպէսզի մեզ ոգեւորէք եւ մեզ հրաւիրէք յարատեւելու քրիստոնէական կեանքի նպատակները հետապնդելու։ Եկած էք խթանելու Ցամաքամասի Առաքելութեան աշխատանքները որ մեր եպիսկոպոսները Աբարէսիտայի մէջ ստանձնեցին որպէս <<նոր հոգեգալուստ մը - որ մեզ կը մղէ յառաջ երթալու եւ փնտռելու այն կաթողիկէ հաւատացեալները որ հեռացած են եկեղեցիէն եւ բոլոր անոնք որ տակաւին չեն ճանչցած Յիսուս Քրիստոսը։<<Իր միջամտութեան ընթացքին գերապայծառ Ռապակոն անդրադարձաւ երկրին ապրած լուրջ ճգնաժամին բարոյական գետնի վրայ որ պատճառ եղաւ Ժողովուրդի հաւատքի ապրումի թուլութեան։ Սակայն -հաստատեց առաջնորդը - մեր ժողովուրդի մեծամասնութիւնը չ՛ուզեր մահուան եւ կործանումի ճանապարհով ընթանալ այլ կը փափաքի Քրիստոսի ուրախութեամբ ու խաղաղութեամբ ապրիլ։ Մենք պէտք ունինք ձեր փոխանցած սիրոյ եւ յոյսի պատգամին ու իմանալով ձեր համարձակ ու հաստատակամ վարդապետութիւնը ձեցմէ կը խնդրենք որ խրախուսէք մեզ ըլլալու աւելի մարդկային եւ զօրակից հասարակութեան մը շինարարները։ Բարի Եկաք Սրբազան Հայր։>>


Սրբազան Քահանայապետի Քարոզը
Իր ատասանաած Քարոզին մէջ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը նախ շնորհակալութիւն յայտնեց Գերպայծառ Ռապակոյի արտասանած խօսքերուն ու ողջոյնի խօսք ուղղեց բոլոր ներկայ կարտինալներուն, եպիսկոպոսներուն եւ քահանաներուն ու պատկան իշխանութիւններուն։

<<Ստեղծէ մէջս, Աստուած, սիրտը սուրբ>> այս սաղմոսերգուին աղաղակը ցոյց կու տայ թէ ինչպէս պէտք ենք պատրաստուիլ ապրելու եկող շաբթուայ մեր Տիրոջ չարչարանաց` մահու եւ յարութեան սուրբ խորհուրդները- ըսաւ Սրբազան Հայրը ու շարունակեց- Այս խորհուրդները մեզի կ՛օգնեն նայելու մարդկային սրտին խորքը մանաւանդ յոյս ու տարապանք միացնող պահերու ընթացքին։ Նոյն այն պահերը զոր այսօր կ՛ապրին Մէքսիքայի եւ Լատին Ամերիկայի Ժողովուրդները։Նորին Սրբութիւը ապա խօսեցաւ Իսրայելի ժողովուրդի փորձառութեան մասին որ ապրած է փրկութեան յոյսով։ Ապա Անդրադարձաւ օրուան Սուրբ Գրային ընթերցումներու մասին ուր Յիսուս կը յայտնէ թէ իր ժամը հասած է << հասաւ ժամը եւ մադու որդին պիտի փառաւորուի>>։ Սրբազան Հայրը ապա ակնարկեց Կուատալուբի Տիրամօր եւ Քրիստոս Թագաւորի արձանի մասին որ - ըսաւ ան - իմ նախորդս երջանկայիշատակ ՅՊԲ չի կարողացաւ այցելել եւ վստահ եմ որ այսօր երկինքէն ան կը խնդակցի որ Տէրը ինծի շնորհքը պարգեւեց ձեր հետ ապրելու այս պահերը։
Պենետիկտոս ԺԶ հուսկ շեշտը դրաւ Երկուհարիւրամեակի Զբօսայգիին վայրին վրայ որ կ՛ուզէ յիշեցնել - ըսաւ Ան - <<Մէքսիքացի ազգին ծննդեան Երկուհարիւրամեակը>> ու հրաւիրեց հաւատացեալները աղօթելու Քրիստոսին որպէսզի իրենց պարգեւէ մաքուր սիրտ մը ուր Ան կարենայ բնակիլ որպէս Խաղաղութեան իշխան շնորհիւ Անոր տրուած Աստուծոյ իշխանութեան որ է բարիի եւ սիրոյ իշխանութիւնը։

Պենետիկտոս ԺԶ ապա խօսեցաւ Լատին Ամերիկայի եպիսկոպոսներուն Աբարէսիտայի մէջ հռչակած <<Ցամաքամասի Առաքելութեան>> մասին ու անոնց ստանձնած յանձնառումին հաստատելու, նորոգելու եւ վերապրեցնելու Աւետարանի այժմէականութիւնը որ արմատացած է այս երկրի հողերուն վրայ - ըսաւ Սրբազան Հայրը - եւ այս ուղղութեամբ համայն եկեղեցւոյ համար հռչակած Հաւատոյ Տարին հրաւէր մըն է <<իսկական եւ նորոգուած պաշխարութեան Տիրոջ` աշխարհի միակ փրկիչը...Հաւատքը կ՛աճի երբ զայն կ՛ապրինք որպէս սիրոյ պարգեւի փորձառութիւն մը եւ երբ զայն կը փոխանցենք շնհորքի եւ ուրախութեան փորձառութեամբ։
Իր խօսքը եզրափակելով Պենետիկտոս ԺԶ խնդրեց Աստուածամօր բարեխօսութիւնն ու հովանին որ պահապան կանգնի Մէքսիքոյի եւ Լատին Ամերիկայի Ժողովուրդներուն որպէսզի Քրիստոսը թագաւորէ անոնց կեանքին վրայ եւ օգնէ զանոնք քաջութեամբ գործելու խաղաղութեան` համերաշխութեան` արդարութեան եւ զօրակցութեան ճանապարհով։









All the contents on this site are copyrighted ©.