2012-03-24 13:01:23

ֆրանսայի Եպիսկոպոսաց Համահաւաք Դասը Կը Նշէ Վատիկանեան Բ Տիեզերական Ժողովի Աշխատանքներու Բացման 50րդ Տարեդարձը։


ֆրանսայի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասը 24 եւ 25 մարտին Լուրտի մէջ կազմակերպած է ազգային հաւաք մը, նշելու՝ Վատիկանեան Տիեզերական Բ ժողովի աշխատանքներու բացման 50րդ տարեդարձը։ <<Ուրախութիւն եւ յոյս>> բնանիւթով այս ազգային հաւաքին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 2.500 անդամներ, բաղկացած՝ եպիսկոպոսներէ, քահանաներէ, սարկաւագներէ եւ աշխարհականներէ։ Ազգային հաւաքը ունի երկու կէտնպատակներ. Կաթողիկեներուն յայտնել թէ ինչպէս Տիեզերական Ժողովը նորոգեց իրենց քրիտոնեայ ըլլալու ապրելակերպը եւ ցոյց տալ թէ ինչպէս Վատիկանեան Բ Տիեզերական ժողովը պատրաստեց Եկեղեցին դիմագրաւելու այն յեղաշրջումները որուն ականատես եղաւ տարիներու ընթացքին ։
Շօշափուած կեդրոնական նիւթերն են. Քրիստոսը, Եկեղեցին ու Մարդ արարածը, որոնց մասին ելոյթ կ՛ունենան երեք եպիսկոպոսներ. Գերապայծառ Գլոտ Տաժանը կը զրուցէ <<Քրիստոս Աշխարհի լոյս>> նիւթին մասին. Գերապայծառ Էրիք տէօ Մուլէն Պոֆոր կը խօսի <<Եկեղեցին Աստուածային նշան եւ խաղաղութեան պատգամաւոր>> նիւթին մասին, մինչ Փարիզի Արքեպիսկոպոս՝ Կարտինալ Անտրէ Վէն Թրուան կ՛անդրադառնայ << Մարդը եւ Եկեղեցւոյ ուղեւորութիւնը>> նիւթին։ Երկօրեայ հաւաքի ընթացքին՝ նախատեսուած են նաեւ հոգեւոր արարողութիւններ ինչպէս պատարագներ, հսկումի աղօթքներ, սուրբ հաղորդութեան պաշտամունք եւ թափօրներ։ Նախատեսուած է նաեւ հեռասփռումը՝ Սրբազան Քահանայապետին արձանագրուած պատգամին։ Նշենք որ Նորին Սրբութիւնը այս օրերուն կը գտնուի Մէքսիքօ։
Ազգային Հաւաքի աւարտին 26 - 29 մարտ միշտ Լուրտի Սրբավայրը տեղի կ՛ունենայ ֆրանսայի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի տարեկան ընդհանուր ժողովը։








All the contents on this site are copyrighted ©.