2012-03-24 13:00:07

Հակիրճ Տեղեկութիւններ Պենետիկտիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Հովուական Ճամբորդութեան Ընթացքին Այցելած՝ Վայրերուն Մասին։


RealAudioMP3 Կուանախուաթոյի Կառավարութեան Պալատը՝ ՜՜Casa del Conde Rul՝՝ գաղթատիրական շրջանի ամենահռչակաւոր պալատներէն մին էր, ոչ միայն նահանգի, այլեւ՝ ամբողջ երկրին մէջ։ Շրջանի բնակիչները այստեղէն առաջին անգամ ՜՜Անկախութեան ի խնդիր՝՝ կոչ ուղղեցին։ ԺԸ. դարու ազնուական ընտանիքի պատկանող՝ ՜՜Casa del Conde Rul՝՝ի եւ անոր կից ՜՜Plaza de la Paz՝՝ պալատները, գործն են ճարտարապետ ֆրանսիսքօ Էտուարտօ Թրէսկուէրրասի։ Անոնք պատմական մեծ արժէք կը ներկայացնեն եւ ուսումնասէրներու եւ զբօսաշրջիկներու հետաքրքրութեան առարկայ են ու նաեւ՝ ՜՜Մէսսիքոյի Գանձերու՜՜ ցանկին մէջ տեղ գրաւած են։ Alexander Von Humboldt ազնուականը այնտեղ գտնուած է 1803-ի՝ Օգոստոսէն Սեպտեմբեր, եւ լաւագոյն վայրը գտած է իր ուսումնասիրութիւններուն համար։
՜՜Plaza de la Paz՝՝ Խաղաղութեան Հրապարակը
՜՜Plaza de la Paz՝՝ հրապարակը, նաեւ՝ կը կոչուի Plaza Mayor կամ Principal (հսկայ կամ գլխաւոր հրապարակ) այնտեղ ժամանակին վայրն էր պետական եւ եկեղեցական իշխանութիւններուն։ Մինչեւ այսօր բազմաթիւ գեղատեսիլ կառոյցներ գոյութիւն ունին։ 1865-ին կառուցուած՝ հրապարակի կեդրոնը գտնուող ՜՜խաղաղութեան արձանին բացումը կատարուեցաւ 1903-ին, այն օրերու նախագահ՝ Բրօֆիրիօ Տիազի կողմէ։ Այսօր հրապարակի շուրջ կը գտնուին Կուանախուաթոյի Տիրամօր նուիրուած Պազիլիքան, քաղաքապետարանը, Ազգային ժողովի պալատը ինչպէս նաեւ հռչակաւոր Օթէրօ եւ Լոս Բէրէզ Կալվէզի տունը։
՜՜Parco del Bicentenario՝՝ Երկուհարիւրամեայ Զբօսայգին։
2010-ին՝ Մեքսիքոյի անկախութեան 200-ամեակին եւ միքսիքական յեղափոխութեան հարիւրամեայ յոբելեանին առթիւ բացումը կատարուեցաւ ՜՜200 ամեայ զբօսայգին՝՝ ։
Սկիզբը կոչուեցաւ ՜՜Parque Expo Bicentenario՝՝ երկհարիւրամեակի Էքսբօ զբօսայգի, ծրագիրը յղացաւ սկիզբը որպէս՝ Առեւտրական ու միաժամանակ մշակութային կեդրոն։ Այնտեղ կազմակերպուեցան բազմաթիւ ձեռնարկներ դարձնելով կեդրոնը մնայուն ժողովրդավայր մը եւ Expo -ի փակումէն առաջ դաշնակցային եւ պետական իշխանութիւնները 2010-ի Հոկտեմբերին, որոշեցին որ վերջնականապէս բաց մնայ սոյն ծրագիրը ։ Հաստատելով միաժամանակ այլ կարեւոր մանրամասնութիւններ. Ցուցադրութեան յատուկ վայրը՝ տաղաւարները մնացին որպէս՝ առաւօտեան տաղաւար, Յիշատակի տաղաւար եւ Լատինամերիկեան տաղաւար, եւ ապագային անոնց շարքին նաեւ պիտի բացուէին այլ տաղաւարներ նուիրուած ՜՜Կինոյի յեղափոխութիւն՝՝ , ՜՜ Յաւիտենական կեանք՝՝ (թանգարան ուր տեղ կը գրաւեն 164 մեծարժէք նախաիսպանական հնախուզական առարկաներ) եւ ՜՜Հոգին ձեռքերու մէջ՝՝ (Կուանախուաթական արհեստաւորութեան ցուցադրութիւն)։
Մուտքը վճարովի է իսկ Չորեքշաբթի օրերը անվճար։








All the contents on this site are copyrighted ©.