2012-03-24 13:02:26

Թուրքիոյ Վարչապետը էրտողան Լրագրող Ահմէտ Ալթանի Դէմ Բացած Իր Դատը Չէ Շահած։


Թրքական յայտնի«Թարաֆ» թերթի հիմնադիր եւ գլխաւոր խմբագիր Ահմեթ Ալթան, որ կը մեղադրուէր վարչապետ Ռեճեփ Թայիպ Էրտողանը զրպարտելուն մէջ արդարացուած է:
Վարչապետ Էրտողան,լրագրող Ալթանը կը մեղադրէր «գրաւոր կերպով պետական ծառայողը վիրաւորելու համար», սակայն առջի որ կայացած դատական նիստին դատարանը արդարացուցած է թուրք լրագրողը:
Պոլսոյ Քատըքէոյ թաղի քրէական յանցագործութիւններու 2-րդ դատարանին մէջ ընթացող դատավարութեան ներկայ եղած է միայն Ալթանի Փաստաբան Վէյսալ Օքը: Փաստաբանը տեղեկացուցած է, որ մեղադրեալը հայցը ետ վերցուցած է, սակայն իրենք կը շարունակեն պնդել, որ պաշտպանեալը արդարացուի: Դատավճիռին մէջ արդարեւ կ'ըսուի որ Ահմէթ Ալթանի դէմ յարուցուած հայցը ՝՝անհիմն է՝՝:
Յիշեցնենք, որ Վարչապետ Էրտողան,լրագրող Ահմէտ Ալթանը դատի տուած էր « ոչ թէ էրտողանը քննադատելուն , այլ՝ որպէս յիմար, տգէտ ու անտարբեր անձ ներկայացնելով զրպարտելուն համար»:








All the contents on this site are copyrighted ©.