Պենետիկտոս ԺԶ .Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոսի երկրորդ Յաջորդն է որ այցելութիւն
կուտայ Մեսսիքոյի Եկեղեցիին ու ժողովուրդին ,միաժամանակ Նորին Սրբութեան այս ուխտագացութիւնը
Քահանայապետի մը կատարած վեցերորորդ այցելութիւնն է Մեսսիքոյին։ Պաշտօնական անունով
՝՝Էստատօս Ունիտօս Մեսսիքանօս՝՝ իր անկախութիւնը պաշտօնապէս ձեռք կը ձգէ Սպանիայէն 27
Սեպտեմբեր 1821ին, կազմուած է 31 Դաշնակցային Պետութիւններէ, առաւել մայրաքաղաքը Չիթթա
Տէլ Մէսսիքօ-ն։ Երկիրրը նախագահական Հանրապետութիւն մըն է,Հանրապետութեան նախահագն է
ֆելիփէ Գալտէրօն։ Մէսսիքօն ունի 1.958.201 քիլոմեթր տարածութիւն եւ 108 .426 հազար բնակիչներ,հանդիսանալով
այսպէս սպանախօս առաւել մարդաշատ Երկիրը,ուր սակայն կը խօսուին նաեւ տեղական բազմաթիւ
բարբառներ։ Մեսսիքոյի Հանարապետութիւնը կը ծնի 4 Հոկտեմբեր 1824ին,բայց Թէքսասի
կցումովը Ամերիկային սկիզբ կ՝առնէ պատերազմը Մեսսիքոյի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու
միջեւ 1846-1848։ Պատերազմը վերջ կը գտնէ ՝՝Կուատալուփէ Հիտալկօ՝՝ կոչուած Դաշնագրութեամբ
որով Մեսսիքոն ստիպուած Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն կը զիջի այդ հողամասի աւելի
քան հարիւրէն 40-ը (Քալիֆորնիա,Նոր Մեսսիքօ,Արիզօնա,Նէվատա,Ութահ ու նաեւ Գոլորատոյի
եւ Վիոմինկ-ի մեծ մասը։ Մեսսիքոյի կարեւոր քաղաքներէն են (Մայրաքաղաքէն զատ) Կուատալախարա,Վերաքրուզ
եւ Աքափուլքօ զբօսաշրջային ծանօթ քաղաքը ։ Մեսսիքացիներու հարիւրէն 91 տոկոսը
կաթողիկէներէ բաղկացած է։