2012-03-23 13:12:12

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Առաքելական Այցով Մեկնեցաւ Մէքսիքօ։


Ուրբաթ 23 մարտի առաւօտեան ժամը 9.30 Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Հռոմի Լէոնարտօ Տա Վինչի օդակայանէն Իտալական Ալիդալիայ օդանաւային ընկերութեան թռիչքով մեկնեցաւ Մէքսիքօ ուր կը ժամանէ 14 ժամ տեւող ճամբորդութենէ ետք իտալիոյ ժամով երեկոյեան ժամը 11.30 անց (մէքսիքօյի ժամով 16.30)։
Սրբազան Քահանայապետին կ՛ընկերանան, Վատիկանի Պետական Քարտուղար` Կարտինալ Թարչիզիօ Պերթոնէն, Վատիկանի Արտգործ Նախարար` գերապայծառ Մամպերթի ու այլ Եկեղեցական բարաստիճան իշխանութիւններ ու նաեւ << Vatican Accredited Media Personnel>> ի մաս կազմող 70 լրագրողներ ։

Ֆիումիչինոյի օդակայանին մէջ Սրբազան Հօր հրաժեշտի ողջոյն տուին Իտալիոյ կառավարութեան ներկայացուցիչը եւ Բորդօ Սանդա Րուֆինա թեմի եպիսկոպոսը գերապայծառ Ճինօ Րէալին։
Հոս հարկ է նշել որ 48 տարիներ առաջ, 4 յունուար 1964ին, Պօղոս Զ Քահանայապետը եղած է առաջին քահանայապետը որ միջազգային առաքելութիւն մը կատարած է այցելելով Սուրբ Երկիրը։ Հետեւաբար Պօղոս Զ առաջին քահանայապետն է որ ֆիումիչինոյի օդակայանը գործածած է (որպէս քահանայապետ)։ Ան իր քահանայապետութեան ընթացքին միջազգային 9 առաքելական ճամբորդութիւններ կատարած է։
Դէպի Մէքսիքօ տանող Ճամբորդութեան ընթացքին, ըստ սովորութեան, Նորին Սրբութիւնը հանդիպում կ՛ունենայ սաւառնակի վրայ իրեն ընկերացող լրագրողներուն հետ ու անոնց հարցումներուն կը պատասխանէ։
Մէքսիքոյի Սիլաօ շրջանի Կուանայուաթոյի օդակայանը ժամանելուն Նորին Սրբութիւնը կը դիմաւորեն Մէքսիքոյի Պապական Նուիրակ գերապայծառ Քրիստոֆ Բիէր եւ Մէքսիքոյի կառավարութեան փրոդոգոլի Պետը մինչ օդանաւի սանդուխներու ոտքին Սրբազան Հօր բարի գալուստի ողջոյնը կու տան Մէքսիքոյի Նախագահ ֆէլիբ Գալտէրոն ու անոր կողակիցը ուրիշ քաղաքական եւ եկեղեցական իշխանութիւններու ներկայութեամբ։
Երկու մանուկներու ձեռքով ներկայացուած Մէքսիքոյի հողով լեցուն անոթի մը օրհնութիւնը կատարելէ ետք տեղի կ՛ունենայ բարի գալուստի պաշտօնական արարողութիւնը որուն ընթացքին Մէքսիքոյի նախագահը ողջողնի խօսք կ՛ուղղէ Սրբազան Հօր ու ապա Նորին Սրբութիւնը իր ճառը կ՛արտասանէ։ Անմիջապէս ետք տեղի կ՛ունենայ պատուիրակութիւններու ներկայացումը որուն աւարտին Սրբազան Քահանայապետը եւ Մէքսիքոյի նախագահը առանձնական հակիրճ հանդիպում մը կ՛ունենան։

Կուանայուաթոյի Օդակայանը
Կուանայուաթոյի օդակայանի բացումը տեղի ունեցած է 1990 եւ Կուանայուաթոյի Մարզի ամէնակարեւոր քաղաքին Լէոն քաղաքէն 34 քմ հեռու է։ Պենետիկտոս ԺԶ ու անոր ընկերացող շքախումբը օդակայանէն մեկնելով իքնաշարժով կ՛ուղղուին Միրաֆլորէս կուսանաց վարժարանը ուր կը ժամանեն 18.30 (մէքսիքօյի ժամով) եւ ուր կը գտնուի Սրբազան Հօր ժամանակաւոր բնակավայրը։
Նշենք որ իտալիոյ եւ մէքսիքոյի միջեւ ժամերու տարբերութիւն կայ (7 ժամ տարբերութեամբ)








All the contents on this site are copyrighted ©.