2012-03-23 13:39:53

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Ընդունեց Պապական Նորանշանակ Նուիրակը։


Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, 21 Մարտին ընդունեց Հայաստանի եւ Վրաստանի մէջ նորանշանակ պապական նուիրակ՝ Մարեկ արք. Սօլչինսքին։
Զրոյցի ընթացքին Վեհափառը շնորհաւորեց Մարեկ արքեպիսկոպոսը իր նշանակման առիթով՝ եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր իր առաքելութեան մէջ։
Հանդիպման անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ եւ Հռոմի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ յարաբերութիւններուն, մասնաւորապէս Մայր Աթոռ Ս Էջմիածնի եւ Վատիկանի միջեւ ձեւաւորուած սերտ համագործակցութեան։ Վերյիշելով երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ քահանայապետին այցը Հայաստան 2001-ին, Գարեգին Բ. իր խօսքին մէջ ընդգծեց, որ նման փոխադարձ այցելութիւնները կը նորոգեն եւ կ՝ամրապնդեն երկու Եկեղեցիներու կապերը։ Այդ առումով կարեւորուեցան նաեւ շփումները եւ համագործակցութիւնը թեմական եւ ծխական մակարդակի վրայ։ Սոյն հանդիպման ներկայ էր Յովակիմ եպիսկոպոս Մանուկեան՝ Մայր Աթոռի Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու գրասենեակի պատասխանատուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.