2012-03-22 12:28:03

Սուրիահայերը Եւ Սուրիոյ Մէջ Տիրող Անկայուն Կացութիւնը։


Սուրիահայերը յոյս ունին, որ երկրին մէջ ընթացք առած տագնապը կը հանդարտի՝ բոլոր կողմերու փոխադարձ զիջումներով. անոնք նաեւ դրսեւորած են իրենց պատրաստակամութիւնը՝ դրական դերակատարութիւն ունենալու այս առնչութեամբ։

«Արմէնփրէս»ի հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին սուրիահայ համայնքի ներկայացուցիչ Նազարէթ Էլմաճեան նշեց, որ սուրիահայերը վերապահութեամբ կը վերաբերին Սուրիոյ ընդդիմութեան հետ, որ ծայրայեղ կրօնական բնոյթ ունի եւ կը վայելէ թրքական իշխանութեան համակրանքը:
Նազարէթ Էլմաճեանի համաձայն, կան սուրիահայեր, որոնք մտադիր են Հայաստան տեղափոխուելու՝ յոյս ունենալով, որ Հայաստանի կառավարութիւնը բարենպաստ պայմաններ կը ստեղծէ իրենց՝ հայրենիքին մէջ հաստատուելու համար: «Սուրիահայերը կը վայելեն բոլոր սուրիացիներուն յարգանքն ու սէրը։ Մինչ օրս որեւէ դէպք չէ արձանագրուած հայերուն դէմ։ Սակայն երկրին մէջ տիրող անկայուն կացութեան պատճառով յանցագործութիւններու թիւը բարձրացած է եւ ատիկա ազդած է նաեւ բոլոր սուրիացիներուն վրայ», նշած է Էլմաճեան:
Ան հաստատած է, որ սուրիահայ ոսկերիչներ առեւանգուած, ապա ազատ արձակուած են՝ որոշ գումարներու փոխարէն։ Հալէպի մէջ տեղի ունեցած պայթումներուն իբրեւ հետեւանք զոհուած է զինուորական ծառայող Վիգէն Հայրապետեան, իսկ աւելի ուշ՝ Հալէպի հայ բնակիչ Արաքսի Պետրոսեան։ Հինգ հայեր վիրաւորուած են 18 Մարտին Դամասկոսի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական գործողութիւններուն պատճառով։
Ան աւելցուցած է, որ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները, բնականաբար, մեծապէս ազդած են սուրիահայ համայնքին վրայ։ Դէպքերուն պատճառով երկրին մէջ ստեղծուած է տնտեսական տագնապ։ Բայց եւ այնպէս հայ համայնքին պատկանող կրթական, մարզական եւ մշակութային հաստատութիւնները կը շարունակեն գործել՝ հայերու կողմէ տրամադրուած նիւթական աջակցութեան շնորհիւ, սակայն վերջին իրադարձութիւններուն պատճառով մեծապէս նուազած է հայկական ձեռնարկներուն թիւը։








All the contents on this site are copyrighted ©.