2012-03-22 12:29:13

Հայոց Ցեղասպանութիւնը Կը Ներկայացուի Պերլինի ՝՝Հայրենիքի Կարօտ՝՝ Ցուցահանդէսին։ Բացումը կատարած՝Անկելա Մերքել: Թուրքիոյ Դեսպանը Չի Մասակցիր Ցուցահանդէսի Բացման։


20 Մարտին Պերլինի մէջ բացուած է Եւրոպայի շուրջ 30 աքսորեալ ժողուրդներու ճակատագիրին մասին պատմող "Հայրենիքի Կարօտ" Ցուցահանդէսը, ուր ներկայացուած է Հայերու Ցեղասպանութեան եւ Աքսորի պատմութիւնը:
Ցուցահանդէսը իր ներկայութեամբ պատուած եւ բացման խօսք արտասանած Գերմանիոյ Վարչապետը Տիկին Անկելա Մերքել: Ցուցահանդէսին ներկայ եղած է Գերմանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Արմէն Մարտիրոսեան:
Ցուցահանդէս այցելելու հրաւէր ստացած էր նաեւ Պերլինի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Հուսէյին Ավնի Քարսլըօղլուն, որ տեղեկանալով թէ այնտեղ հայերու պատմութեան վերաբերեալ կը նշուին "աքսոր" եւ "ցեղասպանութիւն" բառեզրերը, հրաժարած է ներկայ գտնուելէն:
Ցուցահանդէսը կը տեւէ երեք ամիս, որմէ ետք հաւանական է որ ցուցադրութիւններ տեղի ունենան այլ երկիրներու մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.