2012-03-21 12:17:33

Տուպլինի Ամենասուրբ Հաղորդութեան Միջազգային Գիտաժողովի Նախապատրաստութիւնները։


Համայն աշխարհէն եկած աւելի քան 25 հազար պատուիրակներ յառաջիկայ 10-17 յունիսի պիտի մասնակցին Իրլանտայի մէջ տեղի ունենալիք ամենասուրբ հաղորդութեան գիտաժողովին որ ունի որպէս բնաբան. ''Հաղորդութիւնը Քրիստոսի հետ եւ մեր միջեւ''։ Նշենք որ պատուիրակներուն մաս կը կազմէ նաեւ հայ կաթողիկէ եկեղեցական մը` Հալէպի թեմէն, գերյարգելի Յովսէփ վրդ. Պեզիզեան։ Ի պատրաստութիւն այդ հաւաքին Հարաւային Ափրիկէի եպիսկոպոսներու պատուիրակութիւնը թղթածրար մը պատրաստած է հրաւիրելով Աստուծոյ ժողովուրդը միշտ աւելի խորհրդածելու սիրոյ այս խորհուրդին վրայ, եւ մտերմութիւն հաստատելու Յիսուսի հետ։ Նմանապէս Զուիցերիոյ ֆրիպուրկ թեմը խորհրդաժողով մը կազմակերպած է ''Ս. Հաղորդութիւնը եւ բուժումը'' նիւթին մասին որուն ընթացքին իր կատարած խորհրդածութեան մէջ հայր Նիքոլա Պիւֆֆէ ընդգծած է որ ամենասուրբ հաղորդութեան երկիրպագութիւնը այն զէնքն է որ աշխարհը պիտի փրկէ, կ'ազատէ մարդը իր հպարտութենէն ու իր եսասիրութենէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.