2012-03-21 12:30:58

Էջ մը Հայ Մատենագրութենէն։
ԿՈՐԻՒՆ.


Կորիւն Մեսրոպի առաջին աշակերտներէն եւ թարգմանիչներէն մին է, որ եղած է թերեւս նախասիրած աշակերտը Մաշտոցի, որովհետեւ հետագային իրեն պիտի վիճակուէր Մերսրոպ Վարդապետի վարքը գրել։
Առաջին տեղը ուր ուղարկուեցաւ Ղեւոնդ Վարդապետի հետ, որ հաւանաբար նոյնը չէ քան Ղեւոնդ Երէցը, Բիւզանդիոն էր, ուրկէ անցաւ Երուսաղէմ. Հոնկէ է որ իր վերադարձին` բերաւ Սուրբ Կիւրեղ Երուսաղեմացիի մէկ գրութիւնը որ է Ապաշխարողն արձակելու կարգը։ Մեսրոպի ընկերակցեցաւ Աստուածաշունչի ինչպէս նաեւ շատ մը ուրիշ կրօնական եւ աստուածաբանական գրքերու թարգ-մանութեանց մէջ։
Ապա Մեսրոպ զինք ուղարկեց Վրաստան որպէսզի վրացական գիրերը, զոր ինք Մեսրոպ հնարած էր, տարածէր այն երկրին մէջ եւ, քարոզելով քրիս-տոնէութիւնը, լուսաւորէր ու դարձի բերէր վրացիները։ Իր պաշտօնը մեծ յաջողութեամբ աւարտելէ ետք, Սահակ Կաթողիկոս զինք եպիսկոպոս ձեռ-նադրեց Վրացիներու եւ հոն ապրեցաւ Կորիւն մինչեւ իր կեանքին վերջը. Աւելի շատ մանրամասնութիւն չունինք իր կեանքի մասին։
Կորիւնի գլխաւոր գործն է Վարք Մեսրոպի Վարդապետին ուր կը պատմէ հաւատարմաբար, ականատես վկայի մը ճշգրտութեամբ, կեանքը Մեսրոպ Մաշտոցին. Սակայն ոչ թէ անոր բոլոր կեանքը, որովհետեւ կամովին զանց կ՛ընէ Մեսրոպի երիտասարդութիւնը երբ ան կը պաշտօնավարէր արքունիքին մէջ որպէս քաջ զինուորական եւ քարտուղար թագաւորին։ Կը պատճառաբանէ հետեւեալ կերպով այդ զանցառութիւնը, ըսելով թէ Մեսրոպի աշխարհիկ կեանքը չի հետաքրքրեր ներկայ ժողովուրդը եւ նոյնիսկ հետագայի սերունդները, որով կը գրուի վարքը միայն սրբակենցաղ անձերու, կամ թէ ազգային հերոսներու։
Միւս բոլոր աշակերտները Կորիւնի վստահեցան այս մեծղի եւ յոյժ կարեւոր գործը, որովհետեւ Կորիւն Հայաստան կր գտնուէր Սահակի եւ Մեսրոպի կեանքի վերջին տարիներուն, մինչդեռ իրենք օտսրութեան մէջ էին տակաւին, գիտութիւն ամբարելու հետամուտ։
Ինչպէս ըսինք, ան մեզի կ՛աւանդէ Մեսրոպի միայն որպէս հոգեւորական աշխատանքը, սկսեալ երբ Սահակ կաթողիկոսի քարտուղար դարձաւ. Այս բաժինը Մեսրոպի կեանքին բաւական ընդարձակ ու լայնածաւալ կերպով մեզի կը ներկայացնէ, մեծ կարեւորութիւն ընծայելով գրերու գիւտի լուսաւոր եւ հրաշալի դէպքին։ Ի վերջոյ Հայաստանի պատմութեան կարեւորագոյն դէպքերէն մին է գրերու գիւտը. Անով է որ Հայերը ունեցան գիր, գրականութիւն, մեակոյթ եւ աշխարհի պատմութեան մէջ մտան անջնջելի կերպով։
Կորիւն ունի իւրայատուկ ոճ մը. Մէկ կողմէն կը գործածէ ոսկեդարու ընտիր ու հայկաբան լեզուն, սակայն տեղ տեղ մութ ու խրթին դարձուածքներ ունի, այն-պէս որ շատ մը տեղեր անհասկնալի կը մնայ գրութիւնը. Թերեւս ալ հետագայի գրչագիրներն են որ ցատկած են կարգ մը կտորներ, կամ թէ խեղաթիւրած են ըստ կամս։ Յամենայն դէպս միշտ հաճոյքով կը կարդանք իր գրութիւնը որովհետեւ մեր մեծ վարդապետին երամեծար կեանքը մօտիկ է մեր ամէնուս սրտին ու հոգւոյն։
Կան նաեւ նմանութիւններ Ագաթանգեղոսի եւ Փաւստոս Բիւզանդի լեզուին, ինչ որ ոմանց կարծել կու տայ թէ Կորիւնն է որ թարգմանած է իրենց գործերը յունարէնէ հայերէնի։ Առաջին անգամ Կորիւնի գործը հրատարակուեցաւ Վենետիկ, 1833-ին եւ Բ. Տպագրութիւն մը 1854-ին։ Գերմաներէնի թարգմանուած է ու հրատարակուած 1841-ին եւ ֆրանսերէնի` 1867-ին, Լանկլուայի մատենա-շարին մէջ։
Կու տանք հատուած մը իր գրութենէն, ուր կ՛արտայայտուի իր դիտաւորութեան մասին, որով ներշնչուած է իր վարդապետի խօսքերէն ու գործերէն, որոնց ականատես եղած է.
ՙՈչ եթէ ի հին համբաւոց տեղեկացեալ, այլ որոց մեր իսկ ականատես եղեալ կերպարանացն, եւ առընթերակաց հոգեւոր գործոցն, եւ լսող շնորհապատում վարդապետութեանն, եւ նոցին արբանեակք ըստ աւետարանական հրամանացն։՚








All the contents on this site are copyrighted ©.