2012-03-21 12:22:18

Երեք Իրանահայեր Զոհ Կ՛երթան Հայաստան Մեկնող Հանրակառքի Արկածին՝Իրանի Մարանտ Քաղաքին Մօտերը։


Մարտ 20ին (երեքշաբթի), Իրանէն Հայաստան ճամբայ ելած հանրակառքի մը արկածին հետեւանքով մահացած են երեք հայեր ու վիրաւորուած են մօտաւորապէս 15 ուրիշներ, որոնց մէջ ըլլալով հինգ հայեր, որոնց վիճակը կայուն է:
Զոհերէն մէկուն անունը Դենիս Սեթաղելեան է, իսկ միւս երկու զոհերուն անունը ցարդ չէ բացայայտուած:
Վիրաւորներուն անուններն են՝ Յակոբ Մարտիրոսեան, Լիանա Բարսեղեան, Մարինա Պետրոսեան, Ստեփանոս Պետրոսեան եւ Բենիամին (Միքայէլ) Աղամալեան:
Հանրակառքին մէջ եղած են նաեւ հետեւեալ հայորդիները՝ Մարալ Պօղոսեան, Անդրանիկ Ղարիբեան, Անի Փափասօղլի, Արթին Բարսեղեան, Հենրիկ Բարսեղեան եւ Ալինա Մուրադեան:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Տիգրան Բալայեանի համաձայն, մահացած եւ վիրաւորուած բոլոր հայերը Իրանի քաղաքացիներ են:
Ըստ նախնական տուեալներու, արկածը պատահած է հանրակառքի անիւներէն մէկուն պայթումին հետեւանքով: Արկածը տեղի ունեցած է Իրանի հիւսիսային Մառանտ քաղաքին մօտերը:








All the contents on this site are copyrighted ©.