2012-03-21 13:15:09

Անգարայի Եւ Պրիւքսէլի Յարաբերութիւնները Դժուար Փուլ Մը Մտած Են (Կ՝ըսէ Մարթին Շուլց) ։ Իսկ Հոլլանտացի Պըրրի Մատլենըր Կը Շեշտէ ՝՝Թուրքիա Եւրոմիութեան Անդամ Չի Կրնար Դառնալ՝՝ ։


Եւրոպական Խորհրդարանի ղեկավար Մարթին Շուլց Գերմանիոյ մէջ թուրք լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին յայտարարած է, որ Թուրքիոյ եւ Եւրոպական Միութեան յարաբերութիւններուն մէջ դժուար փուլ սկսած է:

Ան ըսած է, որ Անգարայի ու Պրիւքսէլի յարաբերութիւնները լարուած են, որ անհնար կը դարձնեն ԵՄ-ին Թուրքիոյ անդամակցութիւնը:
«Ամրան ԵՄ-ի նախագահութիւնը կը ստանձնէ Կիպրոսը, եւ Թուրքիան ստիպուած կ'ըլլայ աւելի մեծ ջանքեր գործադրելու՝ ԵՄ-ի չափորոշիչներուն համապատասխանելուն ուղղուած աշխատանքներ իրականացնելու համար»,- ըսած է Մարթին Շուլց:
Անդրադառնալով Թուրքիոյ ժողովրդավարութեան` Շուլց նկատած է, որ վարչապետ Ռեճեփ Թայիպ Էրտողանի ղեկավարած «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան կառավարման առաջին տարիներուն թէեւ ժողովրդավարացման առումով յառաջընթաց արձանագրուած է, սակայն վերջին տարիներուն ժողովրդավարացման մակարդակը յետընթաց կ'ապրի:

Մարթին Շուլց տեղեկացուցած է, որ իրենք կը հետեւին Թուրքիոյ նոր Սահմանադրութեան ստեղծման յառաջընթացին եւ ատիկա որոշակի յոյսեր կը ներշնչէ:
Շուլց յայտարարած է, որ կ'աջակցի Թուրքիոյ քաղաքացիներուն` առանց մուտքի արտօնագիրի Եւրոմիութիւն մտնելու հարցին:
Իսկ Եւրոպական Միութեան մէջ Հոլանտան ներկայացնող պատգամաւոր Պերրի Մատլենըր յայտարարած է, որ Թուրքիոյ Եւրոմիութեան անդամակցութիւնը հեռաւոր եւ անիրականանանլի երազանք է:

«Իսլամական երկիրներուն վերջը շարիաթն է: Թուրքիոյ վերջն ալ շարիաթով ղեկավարուող պետութիւն պիտի ըլլայ: Ատկէ խուսափիլ հնարաւոր չէ»,( Ըսած է ան):

Անդրադառնալով Թուրքիա-ԵՄ յարաբերութիւններուն, պատգամաւորը յայտարարած է, որ այդ երազը թուրքերը իրականութիւն կը կարծեն եւ իրենք զիրենք կը խաբեն:

«Տեսէք Թուրքիան Եւրոմիութեան հետ համատեղ արդէն 68 ժողով ըրած է, սակայն ԵՄ անդամ չէ դառձած: Դեռ 100 ժողով ալ կ'ընէ, սակայն միեւնոյնն է, ոչինչ կը փոխուի»,- ըսած է ան:
Մատլենըր պնդած է, որ ԵՄ հարցերով նախարար Էկեմեն Պաղըշ իրականութիւնը չ'ըսեր: «Ան իմ ծաղրանկարներուս մասին խօսելու փոխարէն թող բացատրէ, թէ ինչո՞ւ Թուրքիոյ մէջ ծաղրանկարիչը ծաղրանկար ընելու համար կը ձերբակալեն, լրագրողը` իր միտքերը արտայայտելու կամ մարդիկ՝ գիրք գրելու համար ինչո՞ւ կը բանտարկեն: Պաղըշ այս հարցերուն չի կրնար պատասխանել, ան ցուցադրութիւն կ'ընէ: Միակ իրականութիւնը այն է, որ Թուրքիան ԵՄ անդամ պիտի չդառնայ»,- ըսած է ան:
Իսկ Թիւրքիա Եւրոմիութեան անդամ չի կրնար դառնալ ժողովրդավարութեան, մշակոյթի եւ կրօնական տարբերութիւններուն պատճառով (ըսած է Հոլլանտացի Պատգամաւորը):








All the contents on this site are copyrighted ©.