2012-03-20 12:08:01

Մեքսիքոյի Առաքելական Դեսպանը Մամուլին Հետ Ունեցած Ելոյթով Հաստատած է Որ Ամէն Ջանք Պիտի Թափէ Որպէսզի Քահանայապետին Պատգամը Հասնի Բոլոր Մեքսիքացիներուն։


Սրբազան Հօր Մեքսիքա եւ ապա Գուպա կատարելիք առաքելական ճամբորդութիւններուն առթիւ Մեքսիքոյի առաքելական դեսպանը` գերապայծառ Քրիստոֆ Բիեռ մաղթանք յայտնած է որ Սրբազան Հօր պատգամը հասնի բոլոր մեքսիքացիներուն ներառեալ ոճրագործ թմրեցուցիչի վաճառականներուն։
Նորին Սրբութիւնը իր այս հովուական այցելութեամբ հանդիպում կ'ունենայ ժողովուրդի մը հետ, որուն ինքնութիւնը կերտուած է քրիստոնէական հաւատքով։ Նորին Սրբութիւնը Մեքսիքա կը հասնի ամրապնդելու համար քրիստոնեաները իրենց հաւատքին մէջ, աւելի սերտացնելու անոնց միութիւնը Քրիստոսի մէջ ու աւելի գիտակից դառնցնելու զանոնք իրենց Աւետարանի պատկանելիութեան։ Յայտնենք որ 25 մարտին Սրբազան Հայրը բացօդեայ պատարագ մը պիտի մատուցէ Գիւպիլէդ լեռան ստորոտը, ուր կը բարձրանայ Քրիստոս Թագաւորի հսկայ արձանը, սոյն արարողութեան կը նախատեսուի 91 թեմերէ ժամանած աւելի քան 300 հազար հաւատացեալի մասնակցութիւնը։ Ինչպէս միշտ մեքսիքացիները անգամ մը եւս առիթ պիտի ունենան դրսեւորելու իրենց խանդաղատանքը, սէրն ու գորովը ս. Պետրոսի յաջորդին։








All the contents on this site are copyrighted ©.