2012-03-20 13:11:54

Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտիի Շաբաթական Խմբագրականը։
Յոյսի Ճամբորդունթիւն մը։


Յոյսի Ճամբորդունթիւն վերտառութեամբ՝ Վատիկանի տնօրէն` Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտիի այս շաբթուայ խմբագրականը յատկացուած է յառաջիկայ օրերուն Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Մէսսիքօ եւ Գուպա կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան։
Իր Խմբագրականի մէջ, Հայր Լոմպարտի կ՛անդրադառնայ ճամբորդութեան պատճառներուն. ՜՜Լատին Ամերիկեան երկիրներու անկախութեան 200- ամեակը, Սուրբ Աթոռի եւ Մէսսիքոյի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 20- ամեակը եւ Գուպայի պաշտպան Սրբուհի Virgen de la Caridad del Cobre-ի յայտնաբերման 400-րդ տարեդարձը՝՝։ Ասոնք ճամբորդութեան պատճառներն են, կր գրէ Հ. Լոմպարտի, բայց Սրբազան Քահանայապետի առաքելական այցելութեան կեդրոնական տեղը կը գրաւէ՝ ՜՜ Սրբազան Հօր ծառայութիւնը որպէս Հովիւ Տիեզերական Եկեղեցւոյ հաւատքի մէջ հաստատելու իր եղբայրակիցները՝՝։ Եթէ ուզենանք աւելի յատկանշական բնոյթ տալ այս ճամբորդութեան, կրնանք զայն որակել որպէս ՜՜Յոյսի Ճամբորդունթիւն՝՝ մը։ Մէքսիքացիներու եւ Գուպայի ժողովուրդներուն համար յոյս ներշնջող այցելութիւնը մը, ինչպէս նաեւ՝ յոյս համայն Լատին ամերիկայի ժողովուրդներուն, ուր եկեղեցին յանձնառութեամբ կ՛աշխատի որպէսզի մարդկային եւ քրիստոնէական արժէքները ապահովեն մարդկային զարգացում մը հակառակ ներկայ ժամանակի բոլոր դժուարութիւններուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.