2012-03-20 13:10:40

Հայ Զինուոր Մը Զոհուած է Թշնամի Դիպուկահարի Գնդակէն։ Արտակ Մնացականի Շահբազեան։


Մարտ 19ին Հայաստանի Տաւուշի մարզի սահմանային դիրքերուն վրայ արձանագրուած է հակառակորդի կողմէ հրադադարի խախտման հերթական դէպք, որուն հետեւանքով սպաննուած է Հայաստանի Զինուած ուժերու զինուոր մը : Մահացած է զինուոր Արտակ Մնացականի Շահբազեան: Կը Կատարուի հետաքննութիւն:
՝՝aravot.am՝՝ կայքի տուեալներով, միջադէպը տեղի ունեցած է Նոյեմբերեանի տարածաշրջանի պաշտպանական դիրքերուն վրայ: Ըստ սոյն կայքին` 35-ամեայ մայորը, Արարատի քաղաքացի էր: Շահբազեան տեղափոխուած է Նոյեմբերեանի հիւանդանոց, ուր 5 վայրկեան յետոյ դժբախտաբար մահացած է:








All the contents on this site are copyrighted ©.